• Սիլվա Կապուտիկեան վարձատրուեցաւ իբրեւ Խորհրդային Միութեան լաւագոյն երգին բառերուն հեղինակը: Արդարեւ, յատուկ կազմուած  դատակազմը պատուոյ գիրերով վարձատրեց բանաստեղծուհին՝ իր «Բխած ամպից, սարի տակից» յուզաթաթաւ  քերթուածին համար: Բառերուն վրայ երաժիշտութիւնը  եղանակաւորած է երգահան մը՝ Ե. Մէյտուսի, որ իր կարգին եւս վարձատրուած է: Մրցումը, լաւագոյն ռոմանսը, կազմակերպուած էր Խոր- հըրդային Միութեան մշակոյթի նախարարութեան, երգահաններու եւ գրագէտներու միութեան կողմէ միասնաբար:



  • Ամերիկահայ երգչուհի Շաքէ Շահբազեան  եր-  կու համերգներ տուաւ, մէկը՝ Հայֆիլհարմոնիայի դահլիճին մէջ, իսկ միւսը՝ Երեւանի հեռատեսիլին առջեւ: Երգչուհին երգած է՝ Կոմիտասէն, Դոլուխանեանէն, Կոտոյեանէն եւ արտասահմանի երգահաններ՝ Ալան Յովհաննէսէ, Սրուանձտեանէ, Վ. Սարգիսեանէ, ինչպէս նաեւ՝ արեւմտեան դասական եւ արդի երգահաններու գործերէն, ցոյց տալով իր հմայիչ ձայնին նրբերանգները:

 

  • Նոր Զելանտայի մէջ փոքրաթիւ հայեր կան:  Քլաքչըրչ քաղաքին մէջ կ՛ապրին Գույում- ճեան, Պետրոսեան, Թովմասեան ընտանիքները: Ուելինկթըն քաղաքին մէջ կ՛ապրին Քիւլեան, Կամսարական, Եագուպեան, Պոյաճեան, Գրիգորեան ընտանիքները: Նոր Զելանտայի թերթերէն ոմանք ատենօք գրած էին, թէ բազմաթիւ հայեր կ՛ուզեն Նոր Զելանտա գաղթել: Լուրը արձագանգ գտած ըլլալով՝ եկեղեցական շրջանակներու մէջ, հոգեւորական մը բարի վկայութիւն տուած էր հայերու մասին. արդարեւ, ան յայտարարած էր, թէ՝ «հայերը ընդունակ եւ աշխատասէր մարդիկ են եւ մեծապէս օգտակար կրնան ըլլալ երկրին»: Նոյն հոգեւորականը առաջադրած էր տեսակցիլ գաղթային նախարարին հետ՝ դիւրացնելու համար հայերու մուտքը Նոր Զելանտա: