• Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակութեամբ լոյս տեսած է Թ. Յակոբեանի «Ուրուագծեր Հայաստանի Պատմական Աշխարհագրութեան» երկասիրութիւնը, որ խիստ շահեկան տեղեկութիւններ կուտայ հայկական լեռնաշխարհի, բնութեան, պատմական Հայաստանի ճամբաներուն, վարչական բաժանումներուն, կարեւոր վայրերու, բնակչութեան թիւի, զբաղումի, դասակարգային եւ ցեղային կազմի մասին՝ ըստ պատմական ժամանակաշրջաններու: Գրքին առաջին բաժնին նիւթը կը կազմեն հայկական լեռնաշխարհի բնական պայմաններ, հին Հայաստանի գլխաւոր ուղիները, բնակչութիւնը, վարչական եւ քաղաքական վիճակը: Բ. բաժնին մէջ տրուած են հին Հայաստանի պատմա-աշխարհագրական նկարագրութիւնը, ըստ Անա- նիա Շիրակացիի «Աշխարհացոյց»ին մէջ կատարուած վարչական, հողային բաժանումներուն: Գ. բաժինը կÿընդգրկէ Է-ԺԸ դարերը: Դ. բաժինը կÿընդգրկէ 1801-1917 թուականները: Աշխատութան կցուած են հայկական լեռնաշխարհի  բնական եւ Մեծ Հայքի վարչական ման- րազնին քարտէսները: Տպաքանակն է 7000:



  • Զանգեզուրի Որոտան գետին վրայ վերջերս, սկսած է Տաթեւի ջրելեկտրակայանի շինութիւնը: Առաջինն է գետին վրայ շինուելիք եօթը ելեկտրակայաններէն: Երեքը պիտի շինուին Ատրպէյճանի մէջ: Տաթիւի ջրելեկտրակայանը պիտի ըլլայ ամէնէն մեծը: Անոր շինութիւնները՝ լեռներու եւ գետի երկայնքին՝ պիտի գրաւեն մօտ երեսուն քիլոմեթր երկարութիւն: Գետին խոր կիրճին մէջ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանագլուխին մօտ պիտի շինուի կայանին գլխաւոր շէնքը: Ջուրը դէպի ճնշող խողովակները պիտի հոսի 600 մեթր բարձրութենէ, երկու քի-լոմեթր երկարութիւն ունեցող խողովակներով: Որոտանի վրայ պիտի շինուին ջրամբարներ, իւրաքանչիւրը երկու հարիւր միլիոն խորանարդ մեթր տարողութեամբ: Ծրագրուած է շինել նաեւ 70 մեթր բարձրութեամբ կամարաձեւ ամբարտակներ եւ բարեկարգ աւաններ: