• Երկու երկրաբաններ՝ Գ. Հայրապետեան եւ Մ.   Եպիսկոպոսեան, յաջողած են արժէքաւոր մետաղ մը ստանալ պղինձի թափուկներէն: Նոր մետաղը կը կոչուի Սելէն: Երկու երկրաբանները մշակած են նաեւ աժան եւ շուտ ստանալու կերպը: Հետազօտութիւնները եւ փորձերը տեւած են երեք տարի: Սելէնի գործարան մը պիտի շինուի Ալահվերտիի մէջ, որ Հայաստանի պղինձի արտադրութեան կարեւոր կեդրոնն է:

 

  • Մօտաւորապէս տասը տարիէ ի վեր Երեւանի մէջ հաստատուած է մոլորակացոյց մը, (փլանիթէր) որ կը գործէր Մոսկուա պատրաստուած կէտային-ելեկտրական լամբով աշխատող գործիքով մը: Ներկայիս, Երեւանի մոլորակացոյցը կը գործէ Արեւելեան Գերմանիայէն ստացուած աւելի կատարելագործուած գործիքով մը, որ աստղազարդ երկնքին համապատկերը կուտայ տեսողական եղանակով մը: Ոսպնեակներու բարդ սիսթէմը, աստղազարդ երկնքին տպաւորութիւնը կուտայ՝ բնականին շատ նման:

 

  • Ֆրանսայի Լիոն քաղաքը բնակող մեր ծա -    նօթ ընկերներէն Միսաք Միրզէ, «Յառաջ»ի մէջ կը գրէ թէ՝ Փոն տը Շերիւէն մինչեւ Պելմոն (Լիոնի մօտ) տանող ճամբու երկայնքին, մացառներով լեցուն ընդարձակ ու խոպան դաշտ մը կար 20-30 տարի առաջ: Այսօր, այդ ճամբու երկայնքին գեղեցիկ, մաքուր ու ճաշակաւոր վիլլաներ կան, որոնք մեծ մասով կը պատկանին հայերու, որ ատենօք գաղթական էին ու պարզ գործաւոր:

 

  • Ընտրապայքարը սկսած է Թուրքիոյ մէջ եւ կազմուած են ընտրական ցանկերը:Փոքրամասնութեանց թեկնածուներուն անունները եւս ճշդուած են: Ատալեթ կուսակցութիւնը իր ցանկին մէջ 18-րդ տեղը տուած է Յակոբ Պենեաթի անուն հայու մը: Հալք կուսակցութիւնը 16-րդ տեղը տուած է Եդուարդ Պեզազի: Միլլիյէթ կուսակցութիւնը 22-րդ տեղը տուած է Արիստակէս Աւագեանի, իսկ Ենի Թիւրքիէ՝ իր ցանկին մէջ առած է Սարգիս Քիւրքճեանը: