Երեւանի բարեկամութեան փողոցի երկյարկանի այս շէնքը աւելի ճիշդ պիտի ըլլար եթէ կոչուէր հայ միտքի նուաճումներու տուն: Արդարեւ, տան ընդարձակ սրահներուն մէջ զետեղուած են հայ գիտնականներու, մասնագէտներու, մինչեւ իսկ պարզ բանուորներու ըրած գիւտերը՝ նոր կամ աւելի լաւ կատարելագործուած մեքենաներ, սարքեր եւայլն:

Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիոյ գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը ծրագրած է հայ թատրոնի երկու հազարամեայ պատմութեան նուիրուած մշտական ցուցահանդէսին հիման վրայ ստեղծել շրջուն ցուցահանդէս:

Քալիֆորնիոյ Սթանֆորտ համալսարանի դարմանատան վիրաբուժները յայտարարած են, թէ գտած են յեղափոխական մեթոտ մը, որուն շնորհիւ այսուհետեւ կարելի պիտի ըլլայ ուղեղին վրայ կատարել ամէնէն նուրբ գործողութիւնները, որոնք մինչեւ հիմա անկարելի էին:

Ռուսերէնով լոյս տեսաւ Սայաթ Նովա գիրքը, ուր զետեղուած են ծանօթ աշուղին լաւագոյն գործերը: Գիրքը պատրաստած եւ յառաջաբանն ու ծանօթագրութիւնները գրած է Սուրէն Գաշսարեան: Զետեղուած կտորները թարգմանուած են Վալերի Բրիւսովի, Ս. Շերվինսքիի, Վ.

  • Առաջնորդարանիս եւ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան  կողմէ՝ մեծ մարդասէր եւ հայասէր նորվեկիացի Ֆր. Նանսէնի ծննդեան հարիւրամեակի յիշատակի հանդիսութեանց առթիւ, ուղարկուած հեռագրին ի պատասխան ստացւեցան շնորհակալական գրութիւններ Նորվեկիոյ դեսպանատունէն եւ Նորվեկիական գաղթականական խորհուրդին կողմէ: