• Սեպտեմբեր 19-ին սկսաւ սկաուտական միջազգային համաժողովը Լիզպոնի մէջ: Ամէն երկու տարին անգամ մը 76 ազգերու ներկայացուցիչներ կը համախմբուին եւ շաբթուան մը ընթացքին կը զբաղին միջազգային սկաուտական հարցերով: Այս տարի կը մասնակցէին 56 ազգերու ներկայացուցիչները, որոնց մէջ կը նշմարուէին նաեւ անկախութիւն ստացած նոր ազգերու ներկայացուցիչները: Հայ արիներու միութեան կողմէ կը մասնակցէին բժ. Գուրգէն Մեծատուրեան եւ Սերոբ Գայիլեան: 1929-էն ի վեր Հայ արիներու միութիւնը կանոնաւոր կերպով մասնակցած է այս համաժողովներուն՝ հայ սկաուտական շարժումին իբրեւ ներկայացուցիչ: Փորթուգալի Հանրապետութեան նախագահը պաշտօնական ընդունելութիւն մը տուաւ ի պատիւ պատուիրակներուն, ինչպէս նաեւ՝ արտաքին գործոց նախարարը, որ հիւրասիրեց պատւիրակները նախարարութեան դահլիճին մէջ: Շատ սիրալիր ընդունուեցաւ հայ արիներու պատւիրակութիւնը, յիշեց անոնց մասնակցութիւնը 1950-ի հաւաքոյթին, որ նոյնպէս Փորթուգալի մէջ տեղի ունեցաւ: Սկաուտական միջազգային շարժումը օրըստօրէ կ՛ընդարձակուի թիւով եւ որակով, եւ համաժողովին վրայ նոր գործունէութեան պարտականութիւններ կ՛աւելնան:

 

  • Երեւանի գեղարուեստասէր հասարակութեան  հետաքրքրութիւնը շարժած Ճարտարապետներու տան մէջ վերջերս տեղի ունեցած չեխական գիրքերու գծագրութեան ցուցահանդէսը, ուր երեք հարիւր աշխատութիւններ ներկայացուցած են չեխ երեսուն գծագրիչներ:

 

  • Յունիս, Յուլիս եւ Օգոստոս ամիսներուն  աւարտեցաւ 26 բնակելի շէնքերու շինութիւնը, Երեւանի մէջ: Ասոնց մեծ մասը շինուած է Շահումեանի եւ 26 Կոմիսարներու շրջաններուն մէջ: 1273 ընտանիքներ նոր բնակարան ստացան: