«Թասս»ի Դամասկոսի թղթակիցը Հայաստանի պարախումբի առաջին ներկայացման առթիւ, որ տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 10-ին Դամասկոսի 8-րդ միջազգային տօնավաճառին առթիւ, կը գրէ. Դամասկոսի ամառնային թատրոնի բեմին վրայ ամէն օր ցերեկոյթներ կու տան անգլիացի, լիբանանցի, արաբ, սպանացի եւ Խորհր. Միութեան արուեստագէտները, որոնք եկած են իրենց արուեստը ցոյց տալու Դամասկոսի 8-րդ միջազգային ցուցահանդէսի այցելուներուն: Երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ժողովրդական պարախումբին առաջին համերգը: Համերգը անցաւ փայլուն յաջողութեամբ: Թատրոնին երկու հազար աթոռով սրահը լեփ-լեցուն էր: Դամասկոսի ամառնային թատրոնը, որուն բեմին վրայ հանդէս եկած են զանազան երկիրներու արուեստագէտներ, դեռ երբեք ականատես չէր եղած հանդիսատեսներու այդպիսի բուռն եւ ջերմ վերաբերումի մը: Գրեթէ բոլոր պարերը կը դիմաւորուէին որոտընդոստ ծափահարութիւններով: «Հովիւներուն պարը», «Ռուսական ժողովրդական պարը» եւ «Ձիաւորներու պարը» ներկաներուն պահանջով կրկնուեցան քանի մը անգամ: Մեծ յաջողութիւն արձանագրեց Հայաստանի ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի մեներգիչ Յովհաննէս Բադալեան, որ կատարեց հայկական ժողովրդական քանի մը երգեր, ինչպէս նաեւ երգեր՝ արաբերէնով:
Նոր ուսումնական տարուան ընթացքին բացուած են 254 տասնմէկամեայ դպրոցներ՝ քսան հազար աշակերտներով: Կայուն գիտելիքներու հետ, ուսումնական այդ հաստատութիւնները աշակերտներուն պիտի օգնեն տիրապետելու համար մասնագիտութիւններու եւ զարգացնելու համար աշխատանքի իրենց վարժութիւնները: Այս դպրոցներուն մէջ կը դասաւանդուին քառասուն արհեստներ: Ամէն մէկ դպրոցի մէջ նախատեսուած է դասաւանդել երկուքէն չորս մասնագիտութիւն: