Այս տարեշրջանին բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու (ԲՈՒՀ) ուսանողութեան թիւը բարձրացած է 5,187-ի, որոնք մեծ մասամբ աշխատող երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ են: Երեւանի Բազմարւեստից հիմնարկութիւն եւ Պետական համալսարան մտած են 1700, Մանկավարժական հիմնարկութիւնը՝ 400, Բժշկական համալսարանը՝ 344 հոգի
եւ այլն: Մեծ թիւով երիտասարդներ բարձրագոյն կրթութեան պիտի հետեւին առանց քաշուելու իրենց առօրեայ աշխատանքներէն: Այսպէս, Բազմարուեստից հիմնարկութեան երեկոյեան եւ թղթակցութեան բաժիններուն մէջ արձանագրուած են 800, Պետական համալսարանի նոյն բաժիններուն՝ 780, երա- ժըշտանոցը՝ միշտ համապատասխան բաժիններուն մէջ, 40 հոգի: Կարգ մը բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ այս տարի կազմակերպուած են նոր ամպիոններ ու բաժիններ: Օրինակ, Բազմարուեստից հիմնարկութեան մէջ բացուած են օթոմաթիքի եւ հաշուողական թեքնիքի ամպիոն ու ութ բաժին: Նոր բաժիններ բացուած են նաեւ Պետական համալսարանին մէջ: Կաթնարդիւնաբերութեան համար մասնագէտներ պատրաստելու նպատակով Երեւանի Անասնաբուծական-անասնաբուժական հիմնարկութեան մէջ հաստատուած է նոր բաժին մը, ուր ընդունուած են երեսուն պատանիներ եւ աղջիկներ:
- Երեք օր Երեւան հիւր եղած են հունգար գրագէտներ‘ գլխաւորութեամբ Հունգարիոյ գրողներու միութեան նախագահ Ե. Տարվաշի: Հունգարացիները ծանօթացած են մայրաքաղաքին տեսարժան վայրերուն, հանդիպումներ ունեցած են իրենց հայ գրչակիցներուն հետ, այցելած են Մատենադարան, հայ նկարիչներու յոբելենական ցուցահանդէսը եւ այլն: