- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Կիրակի կէս գիշերին, փոթորկախառն անձրեւ մը սկսաւ Աթէնքի եւ Բիրէայի շրջանին մէջ, պատճառ դառնալով բազմաթիւ երկսեռ քաղաքացիներու մահուան եւ նիւթական անհաշուելի վնասներու: Աթէնքը եւ Բիրէան, իրենց թաղամասերով՝ դժոխային տեսարան կը պարզէին:
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
- Ճոնի Հոլիտէյ յայտարարած է, թէ այսուհետեւ միայն Ժորժ Կառվարենցի գրած ռոքերը պիտի երգէ, կը գրէ «Օրոր» իր Երկուշաբթի օրուան (16 Հոկտեմբեր) թիւին մէջ: Տիրան Ժորժ Կառվարենց, որ ըստ նոյն աղբիւրին, ի մօտոյ պիտի ամուսնանայ Այտա Ազնաւուրի հետ, կը շարունակէ այն փայլուն ասպարէզը, զոր սկսաւ «Թաքսի մը Թոպրուքի համար» շարժանկարին երաժշտութիւնը գրելով:
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
- Վարչապետ պ. Տովաս, անցեալ օր, վեհապետին հաղորդեց Հոկտեմբեր 29ի ընտրութեանց վերջնական արդիւնքները, եւ ներկայացուց իր կառավարութեան հրաժարականը:
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Հալէպի մեր պաշտօնակից «Արեւելք» (9 Հոկտեմբեր) կը գրէ.- Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ ժողովականներու, անցեալ Չորեքշաբթի կէսօրէ ետք Դամասկոս մեկնեցաւ:
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
- Զանգեզուրի հարաւային շրջանին մէջ փռուած են Ծաւ, Շիկահող, Սրաշէն, Շիշկերտ եւ Ներքին Հանդ գիւղերը, բազմաթիւ գիւղերու նման զուրկ են շարժանկարի սրահներէ: