Հայաստանի  հիւսիսը  տեղի  ունեցան ռազմական  զօրավարժութիւններ


Ապրիլ ամսուան ընթացքին, ռուսական մամուլին մէջ հրապարակուեցան լրատուութիւններ եւ քաղաքական վերլուծողական յօդուածներ, որոնք կը մեկնաբանէին Իրանի վրայ իսրայէլեան յարձակման մը պարագային ռուսական զինուորական հակազդեցութեան տարբերակները։

Հայ-զուիցերիական պատգամաւորական խումբը բողոքած է Ցիւրիխի գլխաւոր դատախազութեան որոշումին դէմ՝ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար Էկեմեն Պաղըշի դէմ քրէական գործ չյարուցելուն վերաբերեալ:

Ատրպէյճանական 1news.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Շուէտի ատըրպէյճանցիներու քոնկրեսը հանդիպումներ ունեցած է Շուէտի խորհրդարանին մէջ ներկայացուած խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներու հետ:

Արամ Ա. կաթողիկոս յատուկ նամակ մը ստացաւ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար էրաթօ Քոզաքու Մարքուլիսէն: Նախարարը տեղեակ կը պահէր վեհափառը, որ կղզիին Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած բաժինին մէջ իշխանութիւնը արգիլած է Կիպրոսի յոյն եկեղեցւոյ պատկանող Խրիսթոֆորոս եպիսկոպոսին Ս. Զատկուան առիթով իր համայնքին կատարելիք այցելութիւնը եւ պատարագը:

Մարդասիրական օգնութիւն Յունաստանի ժողովուրդին

«Արձագանգ» պարբերաթերթէն կ'իմանանք, թէ Յունաստանի կարօտեալներուն օժանդակելու Կիպրոսի յոյն օրթոտոքս եկեղեցիի կազմակերպած արշաւին իր նպաստը բերաւ ՀՕՄի Կիպրոսի «Սօսէ» մասնաճիւղը, արժանանալով եկեղեցական ղեկավարութեան գնահատանքին եւ օրհնութեան: