Պատասխանելով քոնկրէսական Պրետ Շերմանի գրաւոր հարցումին, ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն պաշտօնապէս վերահաստատած է, նախագահ Օպամայի վարչակազմի կողմէ պայմանաւորուածութիւնը՝ զգալի օժանդակութիւն ցուցաբերել Ջաւախքի շրջանին:

«Մենք պիտի շարունակենք կրօնական համայնքներուն համար Թուրքիոյ մէջ անհրաժեշտ բարեփոխումները կատարելու հարցին մէջ արթուն ըլլալ»

Կիպրոս իր նպատակին հասած է սպառնալով թռիչքներ կատարել
դէպի Ստեփանակերտի նորակառոյց օդակայան

Թրքական մամուլը կը հաղորդէ, որ Ատըրպէյճանէն դէպի Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Հիւսիսային Կիպրոս թռիչքները, որոնք տարեկան 18 հազար զբօսաշրջիկներ կը փոխադրէին, ջնջուած են:
Ըստ թրքական մամուլին, Կիպրոսի կառավարութիւնը Ատրպէյճանի կառավարութեան սպառնացած է այդ թռիչքները շարունակելու պարագային կիպրական օդանաւերուն դէպի Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի նորակառոյց օդակայան թռիչքներ կատարելը արտօնել:

Ինչպէս հաղորդած էինք անցեալ Ուրբաթ օրուան մեր թիւով, Ատրպէյճանի սահմանամերձ Տաղստան շրջանին մօտ դիտարկուած է ռուսական ստուար զօրքի կուտակում: Կարգ մը աղբիւրներու համաձայն՝ հոն զետեղուող զօրքը կը բաղկանայ 25 հազար զինուորներէ, ծանր հրետանիներու 300 միաւորներէ՝ հրասայլերէ եւ հրթիռային համակարգերէ:

Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին Ս. Զատիկը կը տօնէ Ապրիլ 8ին, իսկ յունահայութիւնը յունաց հետ, գալ շաբաթ՝ Ապրիլ 15ին:
Հայ Եկեղեցւոյ տօնակարգին մէջ, Աւագ շաբթուան հարուստ ու հոգեթով արարողութիւնները հոգեկան անփոխարինելի ապրումներու առիթ կը հանդիսանան հայ հաւատացեալին համար:

Ընդառաջելով ստացուած զանազան դիմումներու, ՀՕՄ-ի Երրորդ Միջազգային Նաւապտոյտին համար յաւելեալ սենեակներ ապահովուած են՝ կարճ ժամանակի մը համար։