Ուրբաթ Մայիս 4-ին, Նիւ Եորքի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Կեդրոնի մուտքին, շրջանի հայ գաղութը խաղաղ ցոյց մը կատարեց, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այցելութեան առթիւ:

Անցեալ ամսուան սկիզբը լոյս տեսաւ «Արմինինըն Րիվիու»ի վերջին թիւը։ Երկար տարիներու ոչ-թեմատիկ սովորութենէն հեռու մնալով, «Րիվիու»ի այս թիւը երկու թեմատիկ թիւերէ ետք լոյս կը տեսնէ եւ կը ներառէ չորս գիտական յօդուածներ, մի քանի գրախօսականներ եւ վերլուծականներ։

Ծանօթ է ձեզի, որ ամէն տարի, Նոյեմբեր ամսուան առաջին օրերուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հովանաւորութեամբ, կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ կը մեծարուի հայ գիրքն ու մշակոյթը՝ շուրջ երեք շաբաթներու վրայ երկարող Հայ գիրքի ցուցահանդէսով:

Կազմակերպութեամբ Քուէյթի Հայ Դատի յանձնախումբին, հովանաւորութեամբ Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ.Տէր Շահէ եպիսկոպոս Փանոսեանի, Ապրիլ 29-ին Քուէյթի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ Դատը այսօր» թեմայով կլոր սեղան։

«Մարդկութիւնը որբ է, որովհետեւ կառավարողները հետաքրքրուած չեն քաղաքացիներու եւ երկիրներու բախտով» կը հաւատայ Ֆրանսայի երիտասարդութիւնը, խօսք՝ որ ընդհանրացած իմաստ կը կրէ։