Հայաստանի  հիւսիսը  տեղի  ունեցան ռազմական  զօրավարժութիւններ


Ապրիլ ամսուան ընթացքին, ռուսական մամուլին մէջ հրապարակուեցան լրատուութիւններ եւ քաղաքական վերլուծողական յօդուածներ, որոնք կը մեկնաբանէին Իրանի վրայ իսրայէլեան յարձակման մը պարագային ռուսական զինուորական հակազդեցութեան տարբերակները։

Ինթըրֆաքս լրատուական գործակալութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան նախատեսումով, Իրանի վրայ իսրայէլեան յարձակում մը կը նախատեսուի 2012-ի ամրան։ Նոյն նախարարութեան զինուորական փորձագէտներուն կարծիքով, Իսրայէլ անկարող է առանձին ճակատիլ Իրանի դէմ, եւ մեծ հաւանականութեամբ, Միացեալ Նահանգներ զինուորական իր գերարդիական սարքաւորումներով օժանդակէ իսրայէլեան ուժերուն։
Նեզավիսիմայա Կազէթա ռուսական թերթին համաձայն, Ռուսիա Իրանի դէմ շղթայազերծուելիք հաւանական պատերազմի մը առնչութեամբ նախապատրաստական աշխատանքներ սկսած էր արդէն երկու տարի առաջ։ 2008-ի ռուս-վրացական պատերազմէն ետք, Կիւմրիի ռուսական զինուորական խարիսխի Վրաստանի ճամբով պարենաւորման ճանապարհը փակուեցաւ Թիֆլիսի իշխանութիւններուն կողմէ։ Զինուորական խարիսխի վառելանիւթի մատակարարման միակ ճանապարհը դարձաւ Իրան-Հայաստան սահմանը։


Հայաստանի ռուսական ռազմակայանը
պիտի օժտուի նոր յարձակողական ուղղաթիռներով

Նեզավիսիմայա Կազէթա Ապրիլ 4-ի իր թիւին մէջ հրապարակեց ռուսական օդուժի անկարգելաւորներու (քոմանտօ) հրամանատար զօրավար Վլատիմիր Շամանովի յայտարարութիւնը այն մասին, որ Հայաստանի ռուսական ռազմակայանը պիտի օժտուի նոր յարձակողական ուղղաթիռներով եւ այնտեղ տեղակայուած հետեւակ զօրքին պիտի միանայ անկարգելաւորներու ստորաբաժանում մը։ Շամանով յստակօրէն չէ նշած թէ ինչ պիտի ըլլայ անկարգելաւորներու թիւը։
ՐԻԱ Նովոսթի լրատուական գործակալութեան համաձայն, Ռուսաստանի Հարաւային Զինուորական Գօտին վերջին երկու տարիներու ընթացքին աննախընթաց սպառազինման հանգրուանէ մը անցած է։ Հարաւային Զինուորական Գօտիի զօրամասերը 2010-2011 աւելի քան 7000 հրետանային ծանր սարքեր ստացած են եւ սպառազինման տոկոսային համեմատութիւնը այդ ժամանակահատուածին 70 տոկո- սով յաւելում արձանագրած է։
Վրաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Կիկա Պոգերիա Ապրիլ 2-ին Էխօ Մոսկվի ռատիոկայանին յայտնեց, թէ ռուսական Հարաւային Զինուորական Գօտիի լայնածաւալ սպառազինումը կը միտի Վրաստանի դէմ նոր պատերազմի մը շղթայազերծման։
Այս զարգացումներու կողքին, Ապրիլ 13-ին, Հայաստանի հիւսիսը տեղի ունեցան ռազմական զօրավարժութիւններ, որուն մասնակցեցան ՀՀ բանակի հրթիռային զօրքերու ստորաբաժա- նումները եւ ռուսական ռազմական կայանի հրետանին։ Զօրավարժութիւններուն մասնակցեցան 400 զինուոր եւ մօտ 100 միաւոր հրետանային զինամիջոց: