- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ֆիլիփս նշած է, որ Հայ-թրքական արձանագրութիւնները կեանքի չկոչուելու գործին մէջ բացասական ազդեցութիւն ունեցած է Ատրպէյճանը, իսկ Թուրքիան՝ Պաքուի յարձակողապաշտ կեցուածքին առջեւ տեղի տուած է:
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ամերիկեան «Քոլոմպիա» համալսարանի Մարդկային իրաւունքներու հիմնարկի տնօրէն եւ Թուրքիա-Հայաստան հաշտութեան յանձնաժողովի նախագահ Տէյվիտ Ֆիլիփս, Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած Հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման արձանագրութիւններուն նուիրուած գիտաժողովի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիա պէտք է ներողութիւն խնդրէ հայերէն, եւ կոչ ըրած է անցեալի մէջ ձգելու երկու երկիրներու պատմութենէն եկող անհամաձայնութիւնները:
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Ֆրանսայի Ռոն-Ալփի շրջանային խորհուրդի Եւրոպական գրասենեակին մէջ, Եւրոպական խորհուրդի Կրթամշակութային բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէնութեան «Բազմալեզւութեան» կազմի ղեկավար՝ տիկին Պէլէն Պերնարտօ տը Քուիրոսս (լուսանկար) բացատրեց Եւրոպական խորհուրդի բազմալեզուութեան հայեցակարգը եւ անոր նեցուկ հանդիսանալու քաղաքականութեան ծալքերը։
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Ռուսաստանի մէջ գտնուող Տուլայի շրջանէն ներս աղմկայարոյց դէպք մը տեղի ունեցած է: Հայ գործարար Գեղամ Սարգսեանի տունը աւազակներ ներխուժած են եւ ատրճանակով սպառնացած իր երեխաներն ու կինը, գումար պահանջելով, կը հաղորդէ NEWSru.com կայքէջը:
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
Սուրիոյ մէջ տիրող ճգնաժամային կացութեան լոյսին տակ, կարգ մը սուրիահայեր արդէն իսկ հայրենադարձութեան դիմած են։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան այս երեւոյթին մասին խօսելով՝ յայտնած է, որ Հայաստանը պատրաստ է զանոնք ընդունելու։
- Details
- Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, Ապրիլ 6ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քարիմ Ալին: