Մարդասիրական օգնութիւն Յունաստանի ժողովուրդին

«Արձագանգ» պարբերաթերթէն կ'իմանանք, թէ Յունաստանի կարօտեալներուն օժանդակելու Կիպրոսի յոյն օրթոտոքս եկեղեցիի կազմակերպած արշաւին իր նպաստը բերաւ ՀՕՄի Կիպրոսի «Սօսէ» մասնաճիւղը, արժանանալով եկեղեցական ղեկավարութեան գնահատանքին եւ օրհնութեան:


ՀՕՄուհիներ եւ բարեկամներ սննդեղէն ու պահածոներ հաւաքեցին ակումբէն ներս, որոնք յատուկ արկղներու մէջ զետեղուելով յանձնուեցան արքեպիսկոպոսարանի յատուկ բաժանմունքին:

 

Գրական երեկոյ նուիրուած Զապէլ Եսայեանին

Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» մասնաճիւղի գրական երեկոներու շարքին երրորդը տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի-Հ.Ե.Մ.ի ակումբէն ներս, նուիրուած Զապէլ Եսայեանին:
Ուրախալի էր, որ առաջին երկու երեկոներուն ներկայ գտնուողներն ու նաեւ նորեկներ փութացած էին ժամին ներկայ գտնուելու այս մտերմիկ ու շահեկան հաւաքին, վայելելու հայ գրականութեան շունչն ու մթնոլորտը, որուն բացակայութիւնը զգալի էր ատենէ մը ի վեր:
Երեկոն բանալով, «Արձագանգ»ի խմբագիր Արթօ Դաւիթեան ողջունեց ՀՀ դեսպան Գագիկ Ղալաչեանի եւ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտէսեանի ներկայութիւնը: Ապա ան հրաւիրեց Նարեկ վարժարանի տնօրէն Վեհա Թահմազեանը, որ ներկայացուց Զապէլ Եսայեանի կեանքն ու գործը, հեռատեսիլի  վահանակին վրայ ցուցադրելով համապատասխան նկարներ ու խորագիրներ:
Ընտրուած հատուածներու ներկայացումներ կատարեցին Ռոզան Մոմճեան, Ծովակ Մանիկեան եւ Արթօ Դաւիթեան, որ ներկայացումէն զատ համառօտ բացատրութիւններ տուաւ Եսայեանի հեղինակած հատորներուն մասին:
Երեկոյին փակումը կատարեց Հրայր Ճէպէճեանը, որ անդրադառնալով Եսայեանի վաստակին ըսաւ, թէ ան մեր ամէնէն մեծ գրողներէն մէկն էր, որ հմտօրէն պեղեց կնոջ հոգեբանութիւնը եւ պայքարեցաւ անոր իրաւունքներուն համար: