Ռուսաստանի մէջ գտնուող Տուլայի շրջանէն ներս աղմկայարոյց դէպք մը տեղի ունեցած է: Հայ գործարար Գեղամ Սարգսեանի տունը աւազակներ ներխուժած են եւ ատրճանակով սպառնացած իր երեխաներն ու կինը, գումար պահանջելով, կը հաղորդէ NEWSru.com կայքէջը:
Երբ յանցագործներէն մէկը իր ատրճանակը ուղղած է Սարգսեանի 7 ամսու թոռան վրայ, գործարարը չէ կարողացած դիմանալ եւ հակայարձակումի անցած է աւազակներուն դէմ: Ան յաջողած է սպաննել երեքը, իսկ չորրորդը յաջողած է փախուստի դիմել: Սարգսեանը վնասուածքներով տեղափոխուած է հիւանդանոց:
Իր ընտանիքը փրկած հայ գործարարին նկատմամբ քրէական գործ յարուցուած է «Երկու եւ աւելի մարդոց սպանութիւն» յօդուածի հիմամբ: Ըստ ռուսական օրէնսգրքի, աւազակներուն դէմ ինքնապաշտպանութեան դիմած հայորդիին կը սպառնայ ցմահ ազատազրկման վճիռ, եթէ կատարուածը չընկալուի որպէս ինքնապաշտպանութիւն:
Գեղամ Սարգսեանի պաշտպան փաստաբանները միաբերան կը պնդեն, որ Գեղամ Սարգսեանը կարելի եւ հարկաւոր է արդարացնել, մինչ դեռ Ռուսաստանի օրէնքի հիմամբ դատախազու-թենէն կը պնդուի, որ գործարարի կատարածը կ'անցնի ինքնապաշտպանութեան սահմանը:
Ռուսական Ռիա Նովոսթի լրատու սպասարկու-թիւնը կը տեղեկացնէ, որ բնակչութեան մօտ կատարուած հարցախոյզի մը արդիւնքով՝ ժողովուրդի 48.6%-ը կը հաւատայ, որ Սարգսեանը գործած է օրէնքի սահմաններու մէջ, պաշտպանելով իր կինն ու երեխաները, մինչ 45.6%-ի կարծիքին համաձայն՝ պէտք է ինքնապաշտպանուելու աւելի մեծ իրաւունքներ տալ մարդոց: Միայն 0,2 %ը համարած է, որ Սարգսեանը գերազանցած է ինքնապաշտպանութեան սահմանը եւ զինք պէտք է դատել սպանութեան յանցանքի հիմամբ:
Միջադէպը լայնօրէն կը քննարկուի համացանցին մէջ եւ լայն արձագանգ գտած է: Քննարկումներուն միացած է նաեւ Տուլայի նահանգապետ Վլատիմիր Գրուզդիովը, որ Twitter-ի ընկերային ցանցի իր էջին միջոցաւ, իր կարծիքը յայտնած է, նշելով թէ «Ան իսկական ՏՂԱՄԱՐԴ է, եւ մենք թոյլ պիտի չտանք, որ զինք նեղեն»: