Հայ-զուիցերիական պատգամաւորական խումբը բողոքած է Ցիւրիխի գլխաւոր դատախազութեան որոշումին դէմ՝ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար Էկեմեն Պաղըշի դէմ քրէական գործ չյարուցելուն վերաբերեալ:
Խումբի քարտուղար Սարգիս Շահինեան յայտարարած է, որ Պաղըշ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ յայտարարութիւնը ըրած է համերգի ընթացքին եւ այդ վայրին մէջ անոր դիւանագիտական անձեռնմխելիութեան մասին խօսք չէր կրնար ըլլալ:
Յիշեցնենք, որ Էկեմեն Պաղըշ Ցիւրիխի մէջ յայտարարած էր,- «Հայոց Ցեղասպանութիւն չէ եղած, թող գան ու զիս ձերբակալեն»:
Ցիւրիխի դատախազութիւնը հրաժարած է դատական գործ յարուցել Թուրքիոյ՝ Եւրոմիութեան հետ հարցերով նախարար Էկեմեն Պաղըշի դէմ, պատճառաբանելով թէ «պարզած ենք, որ Պաղըշ այդ յայտարարութիւնը ընելու ժամանակ ունեցած է դիւանագիտական անձեռնմխելիութիւն»,- օրին նշուած էր Ցիւրիխի գլխաւոր դատախազութեան յայտարարութեան մէջ: