Ռուսաստանի եւ Իրանի նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Մահմուտ Ահմատինեժատ անցեալ շաբաթավերջին  հեռախօսային զրոյց մը ունեցան՝  իրանական կողմի նախաձեռնութեամբ:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿՈՉ Կ'ՈՒՂՂԷ
ԹԵՀՐԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ
ՅԱՏՈՒԿ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՏԱԼՈՒ
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՈՒ ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ


ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Չորեքշաբթի, 9 Մայիսի երեկոյեան, Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայութեամբ գումարուեցաւ Թեհրանի հայոց թեմի Պատգամաւորական Ժողովի նիստը:

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին եւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին, Չորեքշաբթի, 2 Մայիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախեան գոյապայքարի լիբանանահայ ազատամարտիկ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 20-ամեակին նուիրուած յիշատակի հանդիսութիւն՝  ներկայութեամբ մեծաթիւ հայորդիներու:

Երէկ, Մայիս 9ին, Շուէտի Ռիքստակը՝  խորհըրդարանը, մերժած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ Ատրպէյճանի միջնորդագիրը, որ, դէմ է ԼՂ կարգաւորման միջազգային սկզբունքներուն։ Այս մասին կը յայտնէ armeniska.se կայքը:

Պրիւքսելէն Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը տեղեկութիւն քաղելով Սպանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբէն կը տեղեկացնէ, որ Պարչելոնայի Սանթա Քալոմա Տէ Կրամենէթ քաղաքի խորհուրդը Մայիս 4, 2012-ին, միաձայնութեամբ բանաձեւ մը ընդունած է, դատապարտելով Թուրքիոյ կողմէ հայերու դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը։