Կիպրոսի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էրաթօ Քազաքու-Մարկուլիս այսօր պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան կը ժամանէ։

ՄԱԿի Գաղթականներու հարցերու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակին կողմէ տրամադրուած տեղեկութիւններուն համաձայն, 2011 թուականին բացայայտ կերպով բարձրացած է զարգացած երկիրներուն մօտ ասպաստան խնդրողներուն թիւը։ 

Այս տարի եւս, հարիւրաւոր մանուկներ իրենց ծնողներով փութացած էին Անթիլիասի մայրավանքը հոգեւոր ցնծութեամբ դիմաւորելու Քրիստոսի թափօրով Երուսաղէմ մուտքի տօնը:

Հայ Դատի խորհրդաժողովին մասնակցելու առիթով, րագրողներու հետ հանդիպում ունեցան Ֆրանսայի Հայ Դատի կողմէ Հրաչ Վարժապետեան եւ Մուրատ Փափազեանը:

Շաբաթ, 31 մարտին, Գերմանիոյ Քիել քաղաքին մէջ գտնուող «Սփարքասըն Արենա»-ի մէջ տեղի ունեցաւ բաւական հետաքրքրական ճակատում մը, որուն ընթացքին WBA-ի աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ պարտութեան մատնեց Եւրոպայի ախոյեան Փիթըր Վիլշեւսքին: