Սուրիոյ մէջ տիրող ճգնաժամային կացութեան լոյսին տակ, կարգ մը սուրիահայեր արդէն իսկ հայրենադարձութեան դիմած են։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան այս երեւոյթին մասին խօսելով՝ յայտնած է, որ Հայաստանը պատրաստ է զանոնք ընդունելու։

«Աստուած մի արասցէ, որ նման իրավիճակ ստեղծուի, բայց եթէ մեր հայրենակիցները ստիպուած լինեն  լքելու իրենց հայրենի տները, Հայոց պետութիւնը ընդունակ կը լինի ընդունելու ու ապահովելու իր հայորդիներին», հաստատած է Հրանուշ Յակոբեանը:
Դարբնիկ գիւղին մէջ իրաքահայերու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին նախարար Յակոբեան՝ անդրադառնալով իրաքահայութեան ներկայ կացութեան, յայտնած է, որ անոնք արդէն կայուն վիճակի մէջ են եւ իրենց տեղը ունին հայ հասարակութեան մէջ։ «Յատկապէս հասարակական կազմակերպութիւնների ստեղծումն ու գոյութիւնը բաւականին խօսուն վկայութիւն է նրա, որ համայնքն արդէն հաստատուել է: Ի հարկէ դա աւարտուն գործընթաց չէ եւ կարող է աւելի խորանալ», ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ բոլոր պարագաներուն բնական է, որ համայնքը համախմբուի իր գաղափարներուն եւ հիմնա- խնդիրներուն շուրջ։