Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին եւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին, Չորեքշաբթի, 2 Մայիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախեան գոյապայքարի լիբանանահայ ազատամարտիկ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 20-ամեակին նուիրուած յիշատակի հանդիսութիւն՝  ներկայութեամբ մեծաթիւ հայորդիներու:

Ֆաշիզմի դէմ յաղթանակի տօնը նշուեցաւ Փարիզի մէջ, նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի եւ նորընտիր նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի միասնական ելոյթով:

«Ալիք» կը հաղորդէ թէ Երկուշաբթի առաւօտեան հովուապետական այցով Թեհրան ժամանեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը:

Ապրիլ 25-29-ը Ժընեւի մէջ  տեղի ունեցաւ Գրքի եւ մամուլի միջազգային 26-րդ ցուցահանդէսը (Salon du livre), որուն աւանդաբար ներկայացւած էր նաեւ  Հայաստանը: Ցուցահանդէսին Հայաստանի մասնակցութիւնը ապահովուած էր Զուիցերիոյ մէջ  գործող հայկական ընկերութիւններու  եւ  հիմնադրամներու  հովանաւորութեամբ:

Երէկ Կիրակի 6 Մայիսին, Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը: 1988 թուականէն յետոյ առաջին անգամ ըլլալով, յաղթանակ արձանագրեց Ընկերվարդական կուսակցութեան թեկնածուն՝ Ֆրանսուա Հոլանտը՝ «գահընկեց» դարձնելով Նիքոլա Սարքոզին։