Ֆրանսայի Ռոն-Ալփի շրջանային խորհուրդի Եւրոպական գրասենեակին մէջ, Եւրոպական խորհուրդի Կրթամշակութային բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէնութեան «Բազմալեզւութեան» կազմի ղեկավար՝ տիկին Պէլէն Պերնարտօ տը Քուիրոսս (լուսանկար) բացատրեց Եւրոպական խորհուրդի բազմալեզուութեան հայեցակարգը եւ անոր նեցուկ հանդիսանալու քաղաքականութեան ծալքերը։
Վերջին բաժինը յատկացուած էր հարցում-պատասխանի։ Տիկին Պերնարտօ տը Քուիրոս հաւաստեց, որ հայերէնը, յատկապէս արեւմտահայերէնը՝ իր արժանի տեղը ունի Եւրոպական Միութեան լեզուներու համաստեղութեան մէջ։ Ան յիշեցուց, որ երկրագունդին վրայ ներկայիս գոյութիւն ունին 7000 լեզուներ, եւ ըստ մասնագէտներու նախատեսութիւններուն՝ անոնց կէսը մահուան դատապարտուած է մինչեւ 2050։ Ուրեմն, հայ համայնքներուն կÿիյնայ զայն աշխուժացնելու, կենսունակ պահելու ծրագիրներ մշակելու գործը, որուն Եւրոպական Միութիւնը կրնայ աջակցիլ, եթէ այդ ծրագրերը համապատասխանեն ԵՄ-ի կրթական եւ մշակութային չափանիշերուն եւ հեռանկարներուն։ Դրամական նպաստները թերագնահատելի չեն, մինչեւ 200.000 հազար եւրօ: