Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցան քաղաքական խորհրդակցութիւններ Հայաստանի եւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ վարչութեան պետերու մակարդակով:

Յառաջիկային  Իրանը կը ծրագրէ  կազմակերպել Թուրքիոյ, Իրանի, Ատրպէյճանի եւ  Հայաստանի արտաքին գործոց  նախարարներու  հանդիպում: Այս լուրի մասին հաղորդած է Պաքուի մօտ  Իրանի դեսպանատունը, նշելով թէ բացառւած չէ Հայաստանի մասնակցութիւնը Ատրպէյճանի, Իրանի եւ Թուրքիոյ  եռակողմ հանդիպման:

Յուլիս 18-ին ՄԱԿ-ի մէջ, որպէս այդ կազմակերպութեան պաշտօնական փաստաթուղթ, տարածուեցաւ  գլխաւոր քարտուղար Պան Քի-Մունին ուղղուած ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Կարէն Նազարեանի  նամակը:

Շուշին կը զարդարուի արուեստի 150 աշխատանքով

15-29 Յուլիսին Շուշիի մէջ կը կայանայ «Յակոբ Գիւրճեան» քանդակի միջազգային առաջին կոչունքը` ի յիշատակ շուշեցի մեծանուն քանդակագործին

Շուշիի «Նարեկացի» արուեստի կեդրոնին մէջ, Յուլիս 18ին սկսաւ  «Յակոբ Գիւրճեան» քանդակի միջազգային առաջին «սիմփոզիոմ»ը, որ պիտի տեւէ մինչեւ Յուլիս 29:

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- ԼՂՀ Կառավարութեան առընթեր Զբօսաշրջութեան վարչութեան պատմամշակութային յուշարձաններու պահպանութեան եւ ուսումնասիրման բաժինի պետ Սլաւա Սարգսեան յայտնած է, թէ Արցախի մէջ յայտնաբերուած է «Կարկառ» բերդաքաղաքը: