Հայաստանի Արդարադատութեան նախարարութեան բանտերէն համաներմամբ ազատ արձակուած է 533 դատապարտեալ, միեւնոյն ժամանակ կրճատուած է 283 դատապարտեալի պատժաչափը:

Յուլիս 18-ին ՀՀ ԱԳ նախարար Էդվարդ Նալբանդեանը հեռախօսային զրոյց ունեցած է Ռուսիոյ իր պաշտօնակից նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ՝ ռուսաստանեան կողմի նախաձեռնութեամբ: Զրոյցի ընթացքին քննարկուած են  ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին առնչուող հարցեր:

«Ոսկէ Ծիրան» երեւանեան միջազգային 8րդ փառատօնի փակման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին, միջազգային դատակազմերը անցեալ Կիրակի, 17 Յուլիսին յայտարարեցին յաղթողներուն անունները:

Տարածաշրջանային այցով Երեւան գտնուող ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ռոպերթ Պրատքէի խօսքով՝ ներկայիս Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման դիւանագիտական շատ աշխուժ փուլ կընթանայ

ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Պեռնար Ֆասիէ (Ֆրանսա), Իկոր Պոպով (Ռու-սաստան) եւ Ռոպըրթ Պրատգէ (ԱՄՆ) Պաքուէն մեկնած են Երեւան: Այս մասին կը տեղեկացնէ “ԱՊԱ” գործակալութիւնը: