Ազգի մշակութաբանական, դաւանաբանական տիպին բնորոշ քաղաքակրթական զարգացումները՝ խօսում են վերջինիս ինքնութեան, նրա ազգային դիմագծի, ներքին արժեհամակարգի ու ժառանգականութեան մէջ տեղի ունեցող կատարելագործումների,  զարգացումների, պատմութեան եւ իրականութեան մասին:

ԱՄՆի Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը ընդունելով ծերակուտական Ռոպերթ Մենէնտէզի առաջարկը՝ յետաձգեց Հայաստանի մօտ որպէս ԱՄՆ դեսպան Ճոն Հեֆերնի թեկնածութեան հաստատումը:

Հայաստանի ժողովուրդը մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորեց երէկ երեկոյեան Երեւան վերադարձած ճատրակի խումբի ախոյեանները:

ԱՐԱԳԱԾՈՏՆ.- Յուլիս 21ին, առաջին անգամն ըլլալով հայ սուզորդներու խումբը 3207 մեթր բարձրութեան վրայ ուսումնասիրեց Արագած լերան Քարի լիճի յատակը: Նախապէս նման փորձ իրականացուցած էր միայն Ժագ Իվ Քուսթոյի խումբը՝ Հարաւային կիսագունդի Թիթիքաքա լիճին մէջ:

Պրիւքսելի մէջ կայացաւ Հիւսիսատլանտեան  Խորհուրդի նիստը՝ 28+1 ձեւաչափով (դաշինքի անդամներ եւ Հայաստան): Նիստին հանդէս եկան ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը եւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը: