Շուշին կը զարդարուի արուեստի 150 աշխատանքով

15-29 Յուլիսին Շուշիի մէջ կը կայանայ «Յակոբ Գիւրճեան» քանդակի միջազգային առաջին կոչունքը` ի յիշատակ շուշեցի մեծանուն քանդակագործին

Շուշիի «Նարեկացի» արուեստի կեդրոնին մէջ, Յուլիս 18ին սկսաւ  «Յակոբ Գիւրճեան» քանդակի միջազգային առաջին «սիմփոզիոմ»ը, որ պիտի տեւէ մինչեւ Յուլիս 29:

Սիմփոզիոմի մտայղացումը Ֆլորանս բնակող հայաստանցի քանդակագործ Վիգէն Աւետիսինն է, որ նոյնպէս ներկայ էր բացման արարողութեան: Սիմփոզիոմին կը մասնակցին Իտալիոյ գեղարուեստի տարբեր ակադեմիաներու 22 փրոֆեսէօրներ, քանդակագործներ եւ նկարիչներ, ինչպէս նաեւ չորս քանդակագործ՝ Արցախէն:
Պատուաւոր հիւրն է՝ Հռոմի գեղարուեստի ակադեմիոյ տնօրէն, փրոֆ. Ճերարտօ Լօ Ռուսսօ: Նոյն ծիրէն ներս, անուանի քանդակագործները նաեւ դասախօսութիւններ պիտի կարդան եւ վարպետութեան դասեր մատուցեն երիտասարդներու համար:
Սիմփոզիոմի կազմակերպիչներն են՝ քանդակագործ, սիմփոզիոմի նախագահ Վիգէն Աւետիս, արուեստի քննադատ, գեղարուեստական ղեկավար Ֆրանչեսքօ Կալլօ, «Նարեկացի» արուեստի միութիւնը, ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը, ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմը, նաեւ Երեւանի եւ Շուշիի քաղաքապետարանները:
Բացման արարողութեան ժամանակ, «Նարեկացի» արուեստի միութեան հիմնադիր, նախագահ Նարեկ Յարութիւնեան, ողջունելով իտալացի քանդակագործներուն Արցախ այցելելու խիզախութիւնը՝ ընդգծեց, որ այս ձեռնարկը պէտք է ներշնչման օրինակ ծառայէ բոլոր արուեստագէտներուն համար, միեւնոյն ժամանակ յոյս յայտնեց, որ տակաւին շատ եւրոպացի արուեստագէտներ պիտի այցելեն Շուշի:
Իր խօսքին մէջ ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան, կարեւոր համարելով իտալացի քանդակագործներուն մասնակցութիւնը սիմփոզիոմին՝ յայտնեց, որ անոնք իրենց ներդրումը պիտի ունենան Շուշիի վերածնունդի գործին մէջ:
«Այսօր բոլորս միասին մի շատ կարեւոր առաքելութիւն ենք սկսել, որովհետեւ չկայ խաղաղութիւն հաստատելու եւ պահպանելու աւելի լաւ միջոց, քան է արուեստը: Այսօր փորձելու ենք արուեստի միջոցով աւելի կայուն դարձնել խաղաղութիւնն այս տարածաշրջանում», աւելցուց նախարարը: Իսկ ձեռնարկի գլխաւոր հերոսը՝ Վիգէն Աւետիս, իր կարգին շեշտեց, որ «գեղեցիկը միշտ յաղթանակում է, ինչպէս յաղթանակեց Շուշին, որովհետեւ գեղեցիկով է ստեղծուած»:
«Արցախ աշխարհը շատ բան ունի սովորեցնելու ամբողջ աշխարհին: Շուշիից դեռ մեծ ծրագրեր կը ծնուեն», աւելցուց ան:
Ֆլորանսի գեղարուեստի ակադեմիոյ փրոֆ. Ռոպերթօ Ճովանելլի, իր կարգին վստահեցուց, որ իրենց աշխատանքները նուիրուած են սիրոյ, եւ իրենք կը փափաքին, որ այն աշխատանքը, որ պիտի ներդրուի ծրագիրին մէջ, նաեւ ցուցադրուի: Իսկ նոյն ակադեմիոյ փրոֆ. Լոչիանօ Փրեթի, իր խօսքին մէջ ընդգծեց. «Այս քարերը, զորս կը տեսնէք, պիտի մշակուին եւ պիտի խորհրդանշեն այդ ազատութիւնը, զոր ձեռք բերած էք այդքան դժուարութեամբ»:
Արցախ այցելած իտալացի տասնեակ  քանդակագործները հաւանաբար պիտի յայտնուին Ատրպէյճանի «սեւ ցուցակին վրայ», սակայն ինչպէս վստահեցուցին կազմակերպիչները, անոնք գիտէին, թէ ո՛ւր կու գան եւ ինչո՛ւ համար: Իսկ Վիգէն Աւետիս նշեց, որ այսպիսի պահերուն անհրաժեշտ են արուեստագէտներուն այցերը, որոնք կոչուած են խաղաղութեան հաստատման:
Քանդակագործները տասը օրուան ընթացքին անձեւ քարերէ պիտի ստեղծեն արուեստի գործեր, որոնք  տեղ պիտի գտնեն Շուշիի մէջ ստեղծուելիք՝ բաց երկինքի տակ  թանգարանին մէջ: