
«Ոսկէ Ծիրան» երեւանեան միջազգային 8րդ փառատօնի փակման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին, միջազգային դատակազմերը անցեալ Կիրակի, 17 Յուլիսին յայտարարեցին յաղթողներուն անունները:
Միջազգային խաղարկային շարժապատկերներու մրցոյթին, «Ոսկէ Ծիրան» գլխաւոր մրցանակին արժանացած է իրանցի բեմադրիչ Աղհար Ֆարհատիի «Նատէր եւ Սիմին. Ամուսնալուծութիւն» ֆիլմը, «Արծաթէ Ծիրան»ը ստացած է Փարք Չուն-Պումի «Մուսանեան նօթեր» ֆիլմը, իսկ Յատուկ յիշատակման մրցանակ շնորհուած է Փաուլա Մարքովիչին՝ իր «Պարգեւը» ֆիլմին համար:
Միջազգային վաւերագրական շարժապատկերներու մրցոյթին, «Ոսկէ Ծիրան» շահած է Ալեքսանդր Նանաու՝ «Աշխարհը՝ ըստ Էօն Բ.ի» ֆիլմին համար, «Արծաթէ Ծիրան» ստացած է «Ամառնային արօտավայր» ֆիլմը (Լին Թրու, Նելսըն Ուոքըր, Ցերինկ Փերլօ), իսկ Յատուկ յիշատակման արժանացած է Ահմատ Սէյետքեշմիրը՝ «Հոյակապ ոչին»չ ֆիլմին համար:
«Հայկական համայնապատկեր» անուանակարգին մէջ «Ոսկէ Ծիրան»ին արժանացած է Յարութ Շատեան՝ «Բեռնելով կեանքս» ֆիլմին համար, «Արծաթէ Ծիրան»ին՝ Էմիլ Մկրտչեան՝ «Տիեզերանաւը» ֆիլմին համար, իսկ Յատուկ յիշատակում ստացած է Անասթասիա Փոփովայի «Վարդագոյն քաղաքի վերջին հիփին» ֆիլմը:
«Կորիզ» կարճ շարժապատկերի ծրագիրին մէջ, «Ոսկէ Ծիրան» ստացած է Փէօտր Սուպոթքօ՝ «Կլազկօ» ֆիլմին համար, իսկ Յատուկ յիշատակում՝ Սերհաթ Քարաասլանի «Հեծանիւ» շարժապատկերը:
FPRESCI-ի (Շարժապատկերի քննադատներու միջազգային դաշնակցութեան ժիւրի) մրցանակը ստացած է Էպրահիմ Սայիտիի «Մանտու» ֆիլմը:
«Էքումենիք անկախ ժիւրի»ի մրցանակը յանձնուած է Քոռնել Քէորքիթայի «Եւրոպոլիս» շարժապատկերին:
Հրանդ Մաթեւոսեանի անուան յատուկ մրցանակը շնորհուած է Էմիլ Մկրտչեանին՝ «Տիեզերանաւը» ֆիլմին համար:
Բրիտանական խորհուրդին սահմանած մրցանակը ստացած է Յարութ Շատեանի «Բեռնելով կեանքս» ֆիլմը: Նոյն շարժապատկերը արժանացած է նաեւ «Նուարդ» մրցանակին: Իսկ Հայաստանի Ազգային շարժանկարի ակադեմիոյ «Իւրայատուկ ստեղծագործական հայեացք» մրցանակին արժանացած է Փաուլա Մարքովիչի «Պարգեւը» ֆիլմը:
Նշենք, որ ներկայացուած 631 դիմումներէն ընտրուած էր շուրջ 150 ֆիլմ: