ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Աշխարհահռչակ լեհ բեմադրիչ Վոյչեխ Մարչեւսքի, որ Հայաստան եկած է մասնակցելու համար «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային 8րդ փառատօնին, վարպետութեան դասեր իրականացուց Հայաստանի թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական ուսումնարանի ուսանողներուն համար:

Արտաքուստ կարող է թուալ, որ իրար հետ անհամատեղելի են պատերազմ եւ մշակոյթ հասկացութիւնները: Արցախեան պատերազմը, սակայն, եկաւ վկայելու, որ պատերազմը մշակոյթի հետ յարաբերւում է երեք ձեւերով:

11րդ տարին ըլլալով, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ (Աղուերան եւ Շուշի) Օգոստոս 4-11 պիտի կազմակերպուի ՀՅԴ ուսանողական եւ Երիտասարդական միութիւններու բանակում-հայրենագնացութիւնը:

Հայաստան  զբօսաշրջութեան մարզը ընտրած է որպէս տնտեսութեան գերակայ ճիւղ: Այսուհանդերձ, այս տարուայ Մարտ 7-ին Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի հրապարակած «Ճամբորդութիւն եւ զբօսաշրջութիւն: Մրցունակութիւն-2011» զեկոյցին մէջ ներկայացուած 139 երկիրներու շարքին Հայաստանը  90-րդ տեղը կը գրաւէր։

Պելկրատի մէջ իր աշխատանքները աւարտեց ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովի հերթական նստաշրջանը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը՝ վկայակոչելով վեհաժողովի պաշտօնական կայքը, աշխատանքներու աւարտին ընդունուեցաւ համատեղ յայտարարութիւն, ուր  անդրադարձ  կատարուած է  նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման: