Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցան քաղաքական խորհրդակցութիւններ Հայաստանի եւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ վարչութեան պետերու մակարդակով:

Հայկական կողմէն խորհրդակցութիւնները կը վարէր Եւրոպայի վարչութեան պետ Արմէն Լիլոյեան, յունական կողմէն՝ ԱՊՀ երկիրներու բաժանմունքի տնօրէն դեսպան Քարոլոս Կատիս:
Խորհրդակցութիւններուն կը մասնակցէին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան միջազգային կազմակերպութիւններու, մշակոյթի եւ մարդասիրական հարցերու, բազմակողմանի եւ երկկողմանի համագործակցութեան, իրաւաբանական վարչութեան պետերը եւ ներկայացուցիչները:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի համագործակցութեան առնչուող բազմաթիւ հարցեր: Կողմերը դրական գնահատեցին հայ-յունական քաղաքական երկխօսութեան մակարդակը եւ այդ ծիրին մէջ առանձնացուցին Յունուարին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Յունաստան կատարած պետական այցելութեան կարեւորութիւնը՝ երկկողմանի յարաբերութիւններուն նոր թափ եւ բովանդակութիւն հաղորդելու առումով: Քննարկուեցաւ նախագահին պետական այցելութեան ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն կատարման ընթացքը:
Քննարկուեցան նաեւ առեւտրական-տնտեսական կապերու խթանման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերը, միտքեր փոխանակուեցան զանոնք նոր մարզերով ընդլայնելու կարելիութիւններուն շուրջ: Այդ առնչութեամբ կարեւոր նկատուեցաւ յառաջիկային նախատեսուած տնտեսական համագործակցութեան հայ-յունական միջկառավարական յանձնախումբի հերթական նիստի կայացումը:
Հայկական կողմը ներկայացուց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան ընթացքը: Համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ հայ-յունական համագործակցութիւնը Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրի շրջագիծին մէջ խթանելուն ուղղուած հետագայ քայլերուն շուրջ:
Աւելի ուշ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արման Կիրակոսեան ընդունեց յունական պատուիրակութիւնը. Կիրակոսեան պատուիրակութեան ներկայացուց Հայաստանի յարաբերութիւնները շրջանի երկիրներուն հետ:
Փոխնախարարը անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին: Յունական կողմը իր աջակցութիւնը յայտնեց տագնապին լուծման ուղղուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խըմբակի համանախագահներու ջանքերուն: