Հայաստանի Արդարադատութեան նախարարութեան բանտերէն համաներմամբ ազատ արձակուած է 533 դատապարտեալ, միեւնոյն ժամանակ կրճատուած է 283 դատապարտեալի պատժաչափը:

Յիշեցնենք, որ 27 Մայիսէն սկսեալ  Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 20-րդ տարեդարձին առնչութեամբ յայտարարուած համաներումով դատապարտեալները ազատ արձակելու, ինչպէս նաեւ պատժաչափի կրճատման հոլովոյթը կը շարունակուի: