Յառաջիկային Իրանը կը ծրագրէ կազմակերպել Թուրքիոյ, Իրանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում: Այս լուրի մասին հաղորդած է Պաքուի մօտ Իրանի դեսպանատունը, նշելով թէ բացառւած չէ Հայաստանի մասնակցութիւնը Ատրպէյճանի, Իրանի եւ Թուրքիոյ եռակողմ հանդիպման:
«Բոլոր կողմերու պատրաստակամութեան պարագային, պաշտօնական Թեհրանը կրնայ կազմակերպել նման հանդիպում»,- ըսած է դեսպանութիւնը:
Սակայն Ատրպէյճանի արտաքին գործոց ղեկավարը առայժմ չէ մեկնաբանած Իրանի նոր նախաձեռնութիւնը եւ նշած է, որ դեռ պէտք է ուսումնասիրուի իրանական կողմի առաջարկը:
Նշենք, որ Ատրպէյճանի, Իրանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեանց ղեկավարներու եռակողմ ձեւաչափով հանդիպումը առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպուած էր Թուրքիոյ մէջ (Պոլիս) ընթացիկ տարուայ սկիզբը: Այնուհետեւ Ապրիլ 16-ին դարձեալ կողմերը հանդիպում ունեցած էին իրանական Ուրմիա քաղաքին մէջ:
Ուրմիոյ մէջ որոշում ընդունուած էր երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու յառաջիկայ հանդիպումը կատարել ընթացիկ տարուայ Հոկտեմբեր ամսուն մէջ, հաւանաբար Նախիջեւանի մէջ, ինչպէս կը հաղորդէ 1news.az-ը: