Անգարայի գործադրած ջանքերուն իբրեւ արդիւնք՝ Ուքրանիոյ իշխանութիւնները որոշում կայացուցած են՝ արգիլելու ուքրանական Image միջազգային գործարար ամսագիրի ամբողջութեամբ Հայաստանին եւ Լեռնային Ղարաբաղին նուիրուած համարին վաճառքը։

Ամերիկացի դիւանագէտ Ճոն Հեֆըրըն, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին առաջադրուած է, ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ տեղի ունեցած ունկնդրութիւններուն ժամանակ հրաժարած է «Ցեղասպանութիւն» անուանել 1915-ին 1.5 միլիոն հայերու սպանդը:

Հայաստանի նախագահին մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուց, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանի երէկ ստորագրած հրամանագիրով նշանակուեցան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի 7 անդամներ:

Ատրպէյճանի ղեկավարները իրենք իրենց կը դնեն անյարմար դրութեան մէջ միջազգային հանրութեան առջեւ, կարելի է ըսել՝ ուղղակի իրենք իրենց կը վարկաբեկեն, Չորեքշաբթի օր Լոնտոնի մէջ յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը:

Ռուսիայէն բացի, ըստ կազմակերպութեան տուեալներուն, արտագաղթող հայերուն նախընտրած ուղղութիւններն են նաեւ՝ Ֆրանսան, Լեհաստանը, Աւստրիան, Պելճիքան, Չեխիան, Հոլանտան եւ Յունաստանը: