Գիւմրի քաղաքին մէջ  ժամանակաւոր կացարաններու մէջ բնակողներէն  մօտաւորապէս 3500 ընտանիք երկրաշարժի հետեւանքով բնակարան չեն  կորսնցուցած եւ  պետութեան կողմէ ենթակայ չեն բնակարանային փոխ հատուցման, «Շիրակ կեդրոն»  ՀԿ-ի հարցման  ի պատասխան յայտարարեց Գիւմրիի քաղաքապետարանը:

Կիներու դերը Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ միշտ կարեւորուած էր, եւ այսօր ալ անոնք իրենց մասնակցութիւնը ունին բանակաշինութեան գործին մէջ:

ՄԱԿի բնակչութեան հիմադրամի հայաստանեան գրասենեակի գործադիր ներկայացուցիչ Գարիկ Հայրապետեան ներկայացուց ՄԱԿի 2009ին կատարած հետազօտութեան արդիւնքները, ըստ որոնց՝ Հայաստանի մէջ յառաջիկայ երեք տարիներուն յաջորդ երեխան ունենալու պատրաստակամութիւն յայտնած է հարցուածներու 16 տոկոսը, մինչ 68 տոկոսը բացարձակապէս ընտանիքը մեծցնելու տրամադրութիւն չունի:

Ժողովրդագիր Ռուբէն Եգանեանը խօսելով «Օգնութիւն հայրենակիցներին» ռուսական ծրագրով Հայաստանի գիւղերէն կամաւորութեան սկզբունքով մարդոց հաւաքագրման մասին, յայտնեց, որ այդ ծիրէն ներս արդէն 600 ընտանիք տեղափոխուած է Ռուսաստան։

Հայաստանի բանակի ղեկավար կազմը՝ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորութեամբ, Յուլիս 20ին այցելած է Եռաբլուր պանթէոն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու ՀՀ Ազգային հերոս Ջիւան Աբրահամեանի յիշատակին: