«ArmAr.am» կայքէջի հաղորդումէն կ՝իմանանք, որ ոտնագնդակի «Այաքս» խումբի մարզիկ կիսապաշտպան Արազ Օզպիլիսը «Ես հայ եմ» գրութեամբ դաջուածք ունի: Այս մասին «Ֆուտպոլ 365» շաբաթաթերթի հետ հարցազրոյցին առիթով

«Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրի կողմէ իրականացուող «Համակարգիչ մը իմ դասընկերն է» ծրագրի ծիրէն ներս, համակարգիչներու օգտագործման նախագիծ մը ի գործ դրուած է՝ 6-11 դասարաններու աշակերտներուն համար:

PanARMENIAN.Net կը տեղեկացնէ թէ Օգոստոս 14-ին Երեւանի մէջ  Թումօ կեդրոնի բացման պաշտօնական արարողութեան պիտի յաջորդէ աշխարհահռչակ System of a Down խումբի մեներգիչ, ամերիկահայ Սերժ Թանքեանի համերգը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութիւնը կը տեղեկացնէ թէ 11 Յուլիս 2011ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ բացումը Հ.Մ.Ը.Մ.ի երկարամեայ նուիրեալ գործիչ եղբ. Հայկ Յովսէփեանի անունը կրող սկաուտական բանակավայրին:

Հայաստանի հիւսիսը գտնուող Սանահինի հինաւուրց վանական համալիրի անմխիթար վիճակի մասին խոր մտահոգութիւն հնչեցուցին երիտասարդական «Չենք լռելու» նախաձեռնութեան անդամները, ինչպէս եւ յուշարձանագէտ Սամվէլ Կարապետեանը: