Յուլիս 18-ին ՄԱԿ-ի մէջ, որպէս այդ կազմակերպութեան պաշտօնական փաստաթուղթ, տարածուեցաւ  գլխաւոր քարտուղար Պան Քի-Մունին ուղղուած ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Կարէն Նազարեանի  նամակը:

Պան Քի-Մունի ուշադրութիւնը hրաւիրելով Յունիս ամսուան  ընթացքին ատըր-պէյճանական ռազմական ուժերուն  կողմէ զինադադարի   շարունակական խախտման դէպքերուն շփման գիծին վրայ՝ Հայաստանի դեսպանը  մասնաւորապէս նշած է, որ նման սադրիչ  գործողութիւնները կը հակասեն ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի հովանիի ներքեւ ընթացող բանակցութիւններուն, համանախագահ երկիրներու ղեկավարների բոլոր նախորդ յայտարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ  ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան եւ Հելսինկեան եզրափակիչ համա-ձայնութեան:
Նամակին մէջ  Կարէն Նազարեանը մտահոգութիւն կը յայտնէ, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը հակահայկական քարոզչութիւն կÿիրագործէ, ինչ որ կը դառնայ Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքականութեան անբաժան մաս, եւ որու վկայութիւնն են այդ երկրի նախագահի ելոյթները 2011թ. Յունիս 26-ին կայացած ռազմական շքերթի  եւ Յուլիս 5-ին` ազերիներու համաշխարհային կոնգրեսի կապակցութեամբ: