«ArmAr.am» կայքէջի հաղորդումէն կ՝իմանանք, որ ոտնագնդակի «Այաքս» խումբի մարզիկ կիսապաշտպան Արազ Օզպիլիսը «Ես հայ եմ» գրութեամբ դաջուածք ունի: Այս մասին «Ֆուտպոլ 365» շաբաթաթերթի հետ հարցազրոյցին առիթով

պատմած է «European sport agency» ընկերութեան ղեկավար Վալերի Յովհաննիսեանը, նշելով, որ Ամստերտամի մէջ ան հանդիպած էր Օզպիլիսի հետ եւ բանակցութիւններ վարած՝ Հայաստանի հաւաքականի խումբին մէջ հանդէս գալու համար:
Վ. Յովհաննիսեանը պատմած է, որ Օզպիլիսը շատ մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է Հայաստանի, ֆութպոլի զարգացման եւ խումբին մէջ տիրող իրավիճակի մասին: Վ. Յովհաննիսեանը այս առիթով իրեն ըսած է թէ  «գուցէ դուն հայերուն հետ չե՛ս յարմարիր», որուն Օզպիլիս անմիջապէս հակազդած է ըսելով թէ «Չէ, ինչ կ՝ըսէք: Ախր ես հայ եմ»:
Եւ ցոյց տուած է դաջուածք (tatoo)՝ «Ես հայ եմ» գրութեամբ: