Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեան կը կարծէ, թէ Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրականացած Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող նիւթերու հրատարակումը՝ Վատիկանի կողմէ, կրնայ շատ կարեւոր ըլլալ այդ հարցով զբաղող մասնագէտներուն համար:
Վատիկանի արխիւի պատասխանատու Սերճիօ Փականօ վերջերս յայտարարած էր, թէ Վատիկան կը պատրաստուի իր արխիւներուն մէջ գտնուող փաստաթուղթերը եւ տեղեկութիւնները պարունակող գիրք մը հրատարակելու Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:

ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին օգնութեան տրամադրման հարցերով պատասխանատու յանձնաժողովը՝ երէկուան քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք՝ հաստատած է նախագահ Պարաք Օպամայի առաջարկած Հայաստանին օգնութիւն յատկացնելու  վերաբերեալ նախագիծը:
Փաստաթուղթին համաձայն Միացեալ Նահանգները 2012 ելեւմտական տարին 40 միլիոն տոլարի տնտեսական օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ Հայաստանին: Այս մասին կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը:

Այսօր տեղի պիտի ունենայ հայազգի զինծառայող Սեւակ Շահին Բալըքչըի սպանութեան գործով առաջին դատական նիստը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ETHA գործակալութիւնը:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան երէկ յայտնեց, որ Էրտողանի ամբարտաւան յայտարարութիւններուն պատճառը այն է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները,

Որպէս Եւրոպական Միութեան նախագահող երկիր՝ Լեհաստանի նախագահը կը կարեւորէ Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւնները

Պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Լեհաստանի Հանրապետութեան նախագահ Պրոնիսլաւ Քոմորովսկի երէկ այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը