Որպէս Եւրոպական Միութեան նախագահող երկիր՝ Լեհաստանի նախագահը կը կարեւորէ Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւնները

Պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Լեհաստանի Հանրապետութեան նախագահ Պրոնիսլաւ Քոմորովսկի երէկ այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը

յաւերժացնող յուշահամալիր: Նախագահ Քոմորովսկիին կÿուղեկցէին ՀՀ արտաքին գործոց փոխ նախարար Կարինէ Ղազինեան եւ Երեւանի փոխ քաղաքապետ Կամօ Արէեան:
Լեհաստանի նախագահը ծաղկեպսակ դրաւ յուշահամալիրին առջեւ եւ այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ուր ծանօթացաւ ցուցադրուող նիւթերուն:

Հայաստանի նախագահի նստավայրէն ներս տեղի ունեցաւ բարձրաստիճան հիւրի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն յաջորդեցին նախագահներու առանձնազրոյց եւ երկու երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները:

Նախագահ Սարգսեան յայտնած է թէ Հայաստան կը փափաքի Լեհաստանի հետ յարաբերութիւնները խորացնել: Ան շնորհաւորած է Լեհաստանի նախագահը Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը ստանձնած ըլլալու կապակցութեամբ:
Լեհաստանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է  հրաւէրին եւ ջերմ ընդունելութեան համար, նշելով. «Լեհաստանի, նաեւ ձեր տարածաշրջանի համար այս պահը շատ կարեւոր է, քանի որ Լեհաստանը ԵՄ նախագահող երկիր է, եւ Հայաստան եւրոպական համարկման գործընթացի մէջ կը գտնուի»:
Հանդիպումէն  յետոյ  տեղի ունեցած է երկու երկիրներուն միջեւ երկկողմ համագործակցութեան զարգացման ուղղուած փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւնը, մշակոյթի, կրթութեան  եւ գիտութեան բնագաւառներուն մէջ 2011-2013 թուականներու ընթացքին համագործակցութեան գործնական ծրագիր, անասնաբուժութեան ծիրէն ներս համագործակցութեան մասին յուշագիր, ինչպէս եւ տեղեկատուութեան եւ օտարերկրեայ ներդրումներու գործակալութեան միջեւ փոխըմբռնման յուշագիր:
Յաջորդած է նախագահներու մամլոյ ասուլիս: