ԱՐԱԳԱԾՈՏՆ.- Յուլիս 21ին, առաջին անգամն ըլլալով հայ սուզորդներու խումբը 3207 մեթր բարձրութեան վրայ ուսումնասիրեց Արագած լերան Քարի լիճի յատակը: Նախապէս նման փորձ իրականացուցած էր միայն Ժագ Իվ Քուսթոյի խումբը՝ Հարաւային կիսագունդի Թիթիքաքա լիճին մէջ:


Արշաւախումբի ղեկավար, միջազգային կարգի հրահանգիչ, ջրասուզակ, աշխարհի ախոյեան Ռաֆայէլ Մկրտչեանի խօսքով, արշաւախումբին նպատակը նման պայմաններու մէջ ջրասոյզներու ֆիզիքական վիճակին հետ կատարուող փոփոխութիւններուն ուսումնասիրութիւնն էր եւ Հիւսիսային կիսագունդին չափանիշ սահմանելը:
Բժշկական խումբի ղեկավար Գէորգ Շահսուվարեանի խօսքով, համաշխարհային ծաւալով հետազօտութիւններ չեն եղած, գիտնալու համար, թէ ջրասոյզները իրաւունք ունի՞ն սուզուելու նման բարձրութիւններու մէջ, եւ թէ առողջական ի՞նչ խնդիրներ կրնան յառաջանալ:
«Ջրասոյզները հետազօտուել են սուզուելուց առաջ, յետոյ եւ՝ դուրս գալուց մէկ ժամ յետոյ: Հետազօտութիւնների արդիւնքները կը հրապարակւեն մի քանի օրից: Սա շատ մեծ քայլ է թէ՛ բժշկական, թէ՛ բնակլիմայական տեսակէտից», կը նշէ Գէորգ Շահսուվարեան:
«Հայ Էքսթրիմ» հասարակական կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Արմինէ Յարութիւնեան կը նշէ, որ մինչեւ օրս ոչինչ յայտնի չէր Քարի լիճի բնակլիմայական պայմաններուն մասին:
«Հետազօտութիւնների արդիւնքում պարզեցինք, որ լիճը հրաբխային առաջացում ունի: Մենք ակնկալում էինք տեսնել լեռնային քարային զանգուածները, բայց տեսանք տիղմ, նստուածք: Կենդանական աշխարհ չկար, մէկ-երկու սիգ», կը նշէ Ռաֆայէլ Մկրտչեան:
Ջուրի ջերմաստիճանը, սուզման պահուն, ջուրի մակերեսին եղած է +5, իսկ յատակը՝ +3: Նման պայմաններու մէջ սուզուողները նախատեսած էին մնալ ոչ աւելի քան 40 վայրկեան: Սակայն Ռաֆայէլ Մկրտչեանի խօսքով, աւելի շատ տարածք ուսումնասիրելու համար, ջուրին տակ մնացին 1 ժամ 20 վայրկեան եւ ուսումնասիրեցին յատակին մօտ 70 տոկոսը:
Խումբին անդամները կը նշեն, որ ասիկա եւս մէկ յաղթանակ էր Հայաստանի համար, իսկ Գէորգ Շահսուվարեան վստահ է, թէ «սա առաջինն է, բայց վերջինը չէ: Ուզում ենք ուսումնասիրել Հայաստանի լեռնային գօտիներում գտնուող բոլոր լիճերը»:
Արմինէ Յարութիւնեանի կարծիքով, ասիկա նախապայման է զարգացնելու համար զբօսաշրջութեան նոր ուղղութիւն: Իսկ արշաւախումբի ղեկավար Ռաֆայէլ Մկրտչեան կը նշէ, թէ «սա մեզ հնարաւորութիւն տուեց որպէսզի հետագայում կազմակերպենք միջազգային մրցումներ եւ հրաւիրենք ամբողջ աշխարհի այն դայուերներին, ովքեր կը ցանկանան մասնակցել այսպիսի էքստրեմալ սուզումներին»: