Հայաստանի Քաղաքացիական Օդագնացութեան վարչութեան վարչական տարածքէն ներս օդաուսումնական կեդրոնի հինգ ուսանողներ առաջին անգամ ըլլալով ստացան օդաչուի վկայական: «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վկայականները յանձնեց Քաղաքացիական Օդագնացութեան վարչութեան պետ Արտիոմ Մովսիսեանը:

ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- Այս տարի Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրով հիւրընկալուող 800 երեխայի համար, պետական պիւտճէէն յատկացուած է 705 միլիոն դրամ: Այս մասին յայտնեց Սփիւռքի նախարարութեան Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Ատոմ Մխիթարեան, նշելով, որ իւրաքանչիւր երեխայի դիմաց՝ միջին հաշիւով՝ օրական կը ծախսուի 5000 դրամ, ներառեալ՝ փոխադրամիջոցը, սնունդը, այցելութիւնները եւ այլն։

Մասնագէտները կահազանգեն, որ Հայաստանը կանգնած է ժողովրդագրական լուրջ աղէտի շեմին, որու հիմնական պատճառներէն մէկը արտագաղթն է, մինչդեռ կառավարութիւնը «աչք կը գոցէ» Ռուսաստանի միգրացիոն գործակալութեան ներդրած միգրացիոն ծրագրին վրայ, որը հայաստանցիներուն կառաջարկէ Ռուսաստանի մէջ մշտական բնակութեան շահաւետ պայմաններ, աշխատանք ու նոյնիսկ բնակարան հայթայթելով երկրի հեռաւոր շրջաններուն մէջ:

Ռուսիոյ արտագաղթի ծառայութեան հայրենակիցներու վերաբնակեցման ծրագիրին, 2007էն մինչեւ 2011, դիմած են 29,500 Հայաստանի քաղաքացիներ:
2003-2010ին դիմած են 13,677, իսկ 2010-2011ի միջեւ դիմած է 15,824 քաղաքացի:
Այս ծրագիրով, Ռուսիա մեկնած է 778 ընտանիք՝ 1897 անդամով:

Երէկ, Գանձասարի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ խաղերուն ջահը վառելու հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Այս առիթով Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով:
Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Համահայկական խաղերու միջազգային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն եւ  Արցախէն ժամանած բազմաթիւ հիւրեր: