Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեան կը կարծէ, թէ Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրականացած Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող նիւթերու հրատարակումը՝ Վատիկանի կողմէ, կրնայ շատ կարեւոր ըլլալ այդ հարցով զբաղող մասնագէտներուն համար:
Վատիկանի արխիւի պատասխանատու Սերճիօ Փականօ վերջերս յայտարարած էր, թէ Վատիկան կը պատրաստուի իր արխիւներուն մէջ գտնուող փաստաթուղթերը եւ տեղեկութիւնները պարունակող գիրք մը հրատարակելու Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:


Փականօ, այս տարուան Փետրուարին, Հռոմի մէջ Lux in Arcane ցուցահանդէսի բացման ընթացքին խօսելով այդ գիրքին հրատարակման մասին՝ ըսած էր. «Կարդալով այդ փաստաթուղթերը՝ ինծի համար ամօթալի էր, որ մարդ եմ, որովհետեւ անոնք կը ստիպեն ինծի տեսնել միայն մութ գործեր»: Ան որոշ հատուածներ մէջբերած էր արխիւային նիւթերէ, օրինակ՝ վկայութիւններ թուրքերու կողմէ ոչ միայն հայերու սպանութիւններուն մասին, այլեւ՝ ծերերու, երեխաներու ու կանանց նկատմամբ տարբեր կտտանքներու վերաբերեալ: Փականօ նաեւ ըսած էր, որ 1896ին Հռոմի պապը նամակ ուղարկած է Օսմանեան Թուրքիոյ սուլթան Ապտուլ Համիտին, անկէ խնդրելով բարեգթութիւն ցուցաբերել եւ դադրեցնել հայերուն կոտորածները:
Սուրէն Մանուկեանի խօսքով, դժուար է ըսել, թէ ի՞նչ այլ տեղեկութիւններ կան այդ արխիւներուն մէջ, որովհետեւ Վատիկանը միշտ շատ զգոյշ վերաբերած է այդ հարցով ու միշտ գաղտնի պահած է զանոնք: Սակայն, ըստ Մանուկեանի, անոնք կարեւոր են այն առումով, որ Վատիկանը 19րդ դարու վերջը եւ 20րդ դարու սկիզբը աշխուժօրէն ներգրաւուած էր միջազգային քաղաքականութեան մէջ:
,Վատիկանը ներգրաւուած էր բանակցութիւններում, քննարկումներում, Վատիկանի ներկայացուցիչները յայտնի էին նաեւ որպէս դիւանագէտներ, ուստի արխիւները, այդ տեսանկիւնից՝ շատ կարեւոր նիւթ կարող են պարունակելե, ըսաւ Մանուկեան:
Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէնին խօսքով, սակայն, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման նպաստելու առումով այդ փաստաթուղթերը կրնան մեծ օգտակարութիւն մը չունենալ, քանի որ առկայ նիւթերը արդէն լիուլի բաւարար են ատոր համար: