ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոսթի-Արմէնիա».- Յայտնի հայ դերասան, երգիծաբան եւ դրամատուրկ Վարդան Պետրոսեան, Օգոստոս 8ին եւ 9ին, Երեւանի Պարոնեանի անուան երաժշտական պետական թատրոնին մէջ պիտի ներկայացնէ ժամանակակից երիտասարդութեան բարդոյթներուն եւ խնդիրներուն մասին պատմող «Սեռասարսափ» ներկայացումը:

Հայաստանի նախկին վարչապետ, Հայ ազգային քոնկրեսի ընդդիմադիր միաւորման ներկայացուցիչ Հրանդ Բագրատեան ընդգծեց, որ արտակարգ ընտրութիւններու կայացումը «չափազանց սկզբունքային հարց է»: Բագրատեան նախանցեալ օր լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց, որ ընտրութիւնները պէտք է արտակարգ ըլլան, նոյնիսկ եթէ անոնք պիտի նշանակուին հերթականէն ընդամէնը 24 ժամ առաջ:

Ծաղկաձորի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի խօսքերը՝ ուղղուած համախմբուած երիտասարդութեան, իսկական իրարանձում յառաջացուցին Թուրքիոյ մէջ։ Անոնց փութաց պատասխանելու Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ «գրգռութիւն» բնորոշելով Հայաստանի նախագահի խօսքերը, ապա անմիջապէս, Պաքուէն, Թուրքիոյ վարչապետը, երբ Ատրպէյճանի նախագահին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիս մը տուին։

Ամառնային այս օրերուն, երբ Հայաստանի քաղաքական ուժերը նոյնպէս կը վայելեն ամառնային հանգիստը, Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները հանդիպումներ կÿունենան Հայաստանի տարբեր մարզերու բնակիչներու հետ: Կը հանդիպին, կը զրուցեն, անոնց խնդիրները կը լսեն, միաժամանակ ներկայացնելով տուեալ ընկերային-տնտեսական, նաեւ քաղաքական ճգնաժամէն դուրս գալու համար մշակուած՝ Դաշնակցութեան ծրագրերը:

Պաշտօնական այցով Երեւան գտնուող Լեհաստանի նախագահ Պրոնիսլաւ Քամորովսկիի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Հինգշաբթի, 28 Յուլիսին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ մէկ օր առաջ, Պաքուի մէջ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ելոյթին, որուն մէջ խիստ վիրաւորական խօսքեր հնչած էին յանձինս հայ ժողովուրդին: