Օգոստոս 5ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանն ընդունեց սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման 2011 դասընթացներու մասնակիցները:
Ողջունելով հիւրերը՝  նախարար Յակոբեանը նշեց, որ ուրախ է հայրենիքի մէջ տեսնելու Սփիւռքի համայնքներու սիրտը, ոգին հանդիսացող, հայ կրթութեան գործը կազմակերպող, հայապահպանութեան, հայ ինքնութեան պահպանման ամենամեծ նուիրեալը՝ հայ ուսուցչը.

Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակին առիթով, տարբեր տեսակի ձեռնարկներ եւ ոգեկոչական երեկոներ կը նախատեսուին Սեպտեմբեր 21ին համար:
Այս առիթով հրատարակուած է 20-ամեակի խորհրդանիշը «Հայաստանը դու ես 2011» լոզունգով:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան անցեալ շաբաթավերջին  ընդունեց Հայաստանի քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդի պատուիրակութիւնը՝  խորհուրդի ղեկավար Մանուէլ Բադալեանի գլխաւորութեամբ: Քննարկուեցան քաղաքացիական ծառայութեան մարզին մէջ համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր:

Եալթայի մէջ կը կայանայ Միջազգային Սեւծոձեան Տնտետսական Ֆորումի հանդիպումը, ուր կը մասնակցին Ուքրանիոյ, Ռուսաստանի, Վրաստանի, Թուրքիոյ, Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ, Մոլտովայի, Հայաստանի, Ատրպէյճանի, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի երկիրներու կառավարական-փորձագիտական շրջանակներու աւելի քան 150 ներկայացուցիչներ:

Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ ռուսական «Առ.Թի.» եւ վրացական պատկերասփիւռի կայաններուն, ինչպէս նաեւ «Էխօ Մոսքվի» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները լուրջ դասեր քաղած են Օգոստոս 2008-ին տեղի ունեցած ռուս-վրացական պատերազմէն։