Արցախի Տիգրանակերտ քաղաքի պեղումներէն նոր մանրամասնութիւններ ի յայտ եկած են: ՀՀ Գիտութեան Ազգային Ակադեմիոյ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտի Արցախի հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար Համլեթ Պետրոսեանը տեղեկացուց, որ այս տարի հիմնական աշխատանքները կիրականանան քաղաքի հիւսիսային պարիսպապատի  եւ եկեղեցւոյ տարածքէն ներս։

Փեքին այցելեց Երեւանի քաղաքապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Փեքինի եւ Երեւանի միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններ հաստատելու եւ քաղաքային կառավարման բնագաւառէն ներս գործակցութեան հիմքեր ստեղծելու առումով՝ առաջին պաշտօնական այս այցելութիւնը բազմակողմ հանդիպումներով յատկնաշուեցաւ

Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ յառաջիկայ տարի Լոնտոնի մէջ (Անգլիա) տեղի ունենալիք 2012-ի Ամառնային ողիմպիականի խաղերուն Սառա Հերպըրթ պիտի ներկայացնէ Հայաստանը՝  առագաստանաւի մրցումներուն մասնակցելով:

Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական ուսումնարանին մէջ, Օգոստոս 1ին տեղի ունեցած է 308 շրջանաւարտներու սպայի կոչման յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն ներկայ եղած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, զինեալ ուժերու ԳՇ պետ զօրավար-գնդապետ Եուրի Խաչատուրով, բարձրաստիճան զինուորականներ ու շրջանաւարտներու հարազատներ:

Պաշտօնական վիճակագրական տուեալներու համաձայն՝ 2010 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսութեան համախառն ներքին արդիւնքը աճած է 5.5 տոկոսով՝ կազմելով 118 միլիառ դրամ: Այս տարուայ առաջին եռամսեակին աճի կշռոյթը արագացած է՝ հասնելով 9.7 տոկոսի:
Երկօրեայ աշխատանքային այցով Ղարաբաղ ժամանած Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը լաւատեսական գնահատականներ հնչեցուց ԼՂ տնտեսութեան վերաբերեալ:

ԼՂՀ եւ Հայաստանի վարչապետները
կայցելեն սնունդի վերամշակման
ձեռնարկութիւն մը, Ասկերանի մէջ