ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին օգնութեան տրամադրման հարցերով պատասխանատու յանձնաժողովը՝ երէկուան քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք՝ հաստատած է նախագահ Պարաք Օպամայի առաջարկած Հայաստանին օգնութիւն յատկացնելու վերաբերեալ նախագիծը:
Փաստաթուղթին համաձայն Միացեալ Նահանգները 2012 ելեւմտական տարին 40 միլիոն տոլարի տնտեսական օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ Հայաստանին: Այս մասին կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը:
ԱՄՆ կառավարութեան աղբիւրները ըսած են, որ արտաքին եւ պետական օժանդակութեան յատկացման համար պատասխանատու ենթայանձնաժողովը հաւասարակշռութիւն պահպանած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ՝ երկու երկիրներուն համար նախատեսելով հաւասարաչափ ռազմական օգնութիւն:
Ծերակուտական Ատամ Շիֆ յոյս յայտնած է, որ այս գումարը պիտի օգտագործուի որպէս Ղարաբաղի օ-ժանդակութիւն: