ԱՄՆի Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը ընդունելով ծերակուտական Ռոպերթ Մենէնտէզի առաջարկը՝ յետաձգեց Հայաստանի մօտ որպէս ԱՄՆ դեսպան Ճոն Հեֆերնի թեկնածութեան հաստատումը:

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը, կը տեղեկացնէ թէ ծերակուտականները յաւելեալ ժամանակի պէտք զգացած են քննելու համար Հեֆերնի թեկնածութիւնը եւ յստակ պատկերացում կազմելու անոր մասին:
Հայ Դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Ռ. Մենէնտէզին եւ իր գործընկերներուն, Հեֆերնի թեկնածութեան յաւելեալ քննարկման  համար: «Հայաստանը մըշտապէս խնդիր ունի դրացի Թուրքիոյ հետ, քանի որ վերջինս ժխտողական քաղաքականութիւն կը վարէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին մէջ» ըսած է Ա. Համբարեանը: