Ատրպէյճանի իշխող կուսակցութիւնը  հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ կը շարունակուին արտասահմանի մէջ «Լեռնային Ղարաբաղի ատրպէյճանական համայնք» հասարակական միաւորման ներկայացուցչութիւններ ստեղծելու աշխատանքները:

ՀՀ Ազգային ժողովի Հ. Յ. Դաշնակցութիւն խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեանի հետ Օգոստոս 17ին կայացած հարցազրոյցին ընթացքին, ան յայտարարեց, որ Հայ Ազգային Կոնգրեսը ինքզինք արդէն ծուղակի մէջ ձգած է:

«Ամէն տարի կ'ընդլայնուին ՀՀ Զինուած Ուժերու սպառազինութիւններու եւ ռազմական արհեստագիտութեան կարողութիւնները եւ քանակը» ըսած է ՀՀ նախարարը: Ան դիտել տուած է թէ ՀՀ Զինուած Ուժերը ունին S-300 հրթիռային համակարգ, աւելցնելով թէ «մի օր Հայաստան կ'ունենայ նաեւ  S-400»:
Յիշեցնենք, որ Դեկտեմբեր 2010ին Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով յայտնած էր թէ կը տրամադրէ S-300 հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռային համակարգը:

Հայաստանի դիւանագիտական անձնակազմի երեւանեան խորհրդակցութեան ընթացքին, նախագահ Սարգսեան ելոյթ ունենալով՝ անդրադարձած է նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն: Նախագահի կարծիքով, Հայաստանի  Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու նախաձեռնութիւնը  բարձրացուց Հայաստանի միջազգային հեղինակութիւնը եւ ցրուեց նոր ու ժամանակակից Թուրքիոյ մասին պատրանքները:

Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիոյ պատմութեան բաժանմունքի տնօրէն փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան մեզ տեղեակ պահեց ականաւոր ակադեմիկոս Հրաչ Բարթիկեանի մահուան տխուր եղելութեան շուրջ: Օգոստոս 17ին իր մահկանացուն կնքեց ականաւոր պատմաբան, բիւզանդագէտ, պատմական գիտութիւններու տոքթոր, ՀՀ ԳԱԱ ակադեմիկոս Հրաչեայ Բարթիկեանը: Քաղաքացիական հոգեհանգիստը տեղի ունեցաւ Օգոստոս 19ին, ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիոյ մէջ, ուր յարգանքի խօսք արտասանուեցաւ փրոֆէսէօրի փայլուն անձնաւորութեան յիշատակին: