- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մեթիու Պրայզա ատրպեճանական «Զերքալօ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին համար առաջնահերթութիւն է։ «Նուազ կարեւոր չէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը։ Այս խնդիրը կարեւոր է մեր կառավարութեան համար եւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ առաջնահերթ դիրքերու վրայ է։ Գիտեմ, որ այս կարծիքը կը կիսեն նախագահ Պարաք Օպաման եւ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընը», ըսած է ան։
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Փարաջանով երբեք Հայաստանի մէջ չէ ապրած, սակայն անոր մահէն ետք իր գեղարուեստական ամբողջ ժառանգութիւնը կտակած է Հայաստանին:
Փարաջանով ձգած է «ֆորմաթէն դուրս» նկարահանուած, ինչպէս նաեւ քանի մը անաւարտ շարժապատկերներ ու բեմագրութիւններ: Փարաջանովի թանգարանը Երեւանի մէջ ամէնաբարձր թիւով այցելուներ ունեցող թանգարաններէն մէկն է:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Օրերս Դիլիջան-Հաղարծին վանահամալիր տանող ճանապարհահատուածին մերձակայ անտառում իջեւանցի Մեղուապահ Վարուժան Սիմոնեանի ու նրա որդու կողմից յայտնաբերուել է մօտաւոր հաշուարկներով 16-րդ դարու խաչքար: Զարդապատկերներ այս բաւականին ինքնատիպ մասունքում, որը մէկ մեթր վաթսուն սանթիմ բարձրութեամբ եւ եօթանասուն սանթիմեթր լայնութամբ պազալթէ կանգուն խաչքար է, որի վերին հատուածը մասնատուած է, սակայն կոթողը իր հրաշալի պահպանուած տեսքով, բաւականին առինքնող է:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Ըստ ազերի իրաւապշտպան Մեհտիեւի խօսքերուն (ինչպէս կը վկայակոչէ «Ենի Մուսավաթ» թերթը), Նախիջեւանի մէջ հանրային լարումը գագթնակէտին հասած է։ Աշխատատեղիներու թիւի զանգուածային նուազումը պատճառ դարձած է ինքնավար հանրապետութենէն բնակչութեան արտագաղթին։
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Հայաստանի Ազգային ժողովը իր առաջին իսկ նիստին ընթացքին պէտք է օրակարգէն հանէ հայ-թրքական արձանագրութիւնները. «դա հրատապ հարց է, նոյնիսկ մեր այդ քայլն ուշացած է» խօսքերով արտայայտուեցաւ NEWS.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, պաշտպանութեան, ներքին գործերու եւ ազգային անվտանգութեան խորհրդարանական յանձնաժողովի նախագահ Հրայր Կարապետեանը: