Անցեալ շաբաթավերջին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ժամանեց Լիբանան՝ հովանաւորելու համար Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 20-ամեակին եւ Հայկազեան համալսարանի հիմնադրման 55-ամեակին առիթով համալսարանին կազմակերպած «Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւն. երէկ, այսօր եւ վաղը» նիւթով գիտաժողովը:
Նախարար Յակոբեան երէկ Պիքֆայայի մէջ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ: Քննարկուեցան համահայկական եւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեանց վերաբերեալ հարցերը:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Տաճիկիստանի մայրաքաղաք Տուշանպէյի մէջ  կազմակերպուած ԱՊՀ 20րդ երկիրներու գագաթնաժողովին մէջ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղը արեան գնով նուաճեց անկախութեան իրաւունքը։
«Ռեկնում» գործակալութեան փոխանցմամբ, Հայաստանի նախագահը յիշեցուց, որ 20 տարի առաջ՝ այս օրերուն, Լեռնային Ղարաբաղը անկախութիւն հռչակեց։

Հ.Յ.Դ. կը պահանջէ՝ ընկերային պայմաններու բարելաւում, գործազրկութեան եւ արտագաղթի ցուցանիշերու նուազում

Շաբաթ, 3 Սեպտեմբերին Գիւմրիի Թատերական հրապարակին վրայ կայացած Հ.Յ. Դաշնակցութեան հանրահաւաքին Հ.Յ.Դ. գործիչները հաստատեցին, որ կը նախաձեռնեն Հայաստանի տարածքին հանրահաւաքներու շարքի մը եւ որովհետեւ Շիրակի մարզը կը նկատուի Հայաստանի ամէնէն աղքատ մարզերէն մէկը, ՀՅԴ-ն իր պայքարը պիտի սկսի Գիւմրիէն:

Գոդեձորի մէջ հնագիտական ուսումնասիրութիւնները կը շարունակուին: Այն Հայաստանի մէջ միակ յուշարձանն է, որու շերտերը կը թուագրուին Ք.ա 3600-3400 թուականները: Հէնց գոդեձորեան ուսումնասիրութիւնները կը պատկերացնեն այդ ժամակաշրջանին մէջ ապրած մարդու կենսակերպի, ստեղծագործական մտքի, նաեւ՝ գեղագիտական ընկալումներուն մասին: Գոդեձորի մէջ ապրող մարդը ոչ միայն զբաղած է անասնապահութեամբ եւ երկրագործութեամբ, այլեւ՝ առեւտուրով: Կենդանիներու յայտնաբերուած ոսկորները ցոյց տուին, որ անոնք այդ ժամանակներուն օգտագործուած են որպէս գրաստ։

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 20-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական միջոցառումներուն մասնակցելու նպատակով Ստեփանակերտի մէջ գտնուող ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը իր շնորհաւորական խօսքը յղեց ԼՂՀ անկախութեան հռչակման 20-ամեակի առթիւ:
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Շնորհաւորում եմ բոլորիս Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 20-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ: