Ատրպէյճանի իշխող կուսակցութիւնը  հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ կը շարունակուին արտասահմանի մէջ «Լեռնային Ղարաբաղի ատրպէյճանական համայնք» հասարակական միաւորման ներկայացուցչութիւններ ստեղծելու աշխատանքները:

«Armenia.Az» կայքը կը հաղորդէ, որ նշեալ միաւորման նախագահ Պայրամ Սաֆարով յայտնած է, թէ «զգալի յառաջդիմութիւն» արձանագրուած է Լեռնային Ղարաբաղի «իրականութեան մասին համաշխարհային հանրութեանը տեղեկացնելու» հարցով՝ ապահովելով «դրական արդիւնքներ»:
Միւս կողմէ news.am ատրպէյճանական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Ատրպէյճանի Պէյլաքան շրջանին մէջ տեղի ունեցած է Ջեպրայիլի եւ Ֆիզուլիի շրջաններու հայկական զինեալ ուժերու կողմէ գրաւման 18-րդ տարեդարձը, որու ընթացքին խօսք առած է Պայրամ Սաֆարով: Հանդիսութեան ընթացքին Սաֆարով յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տեղահանուած ատըրպէյճանցիներու ժողովըրդագրական պատկերը աճ արձանագրած է եւ 20 տարուան ընթացքին 50 հազարէն բարձրացած է 75 հազարի: