Փարաջանով երբեք Հայաստանի մէջ չէ ապրած, սակայն անոր մահէն ետք իր գեղարուեստական ամբողջ ժառանգութիւնը կտակած է Հայաստանին:

Փարաջանով ձգած է  «ֆորմաթէն դուրս» նկարահանուած, ինչպէս նաեւ քանի մը անաւարտ շարժապատկերներ ու բեմագրութիւններ: Փարաջանովի թանգարանը Երեւանի մէջ ամէնաբարձր թիւով այցելուներ ունեցող թանգարաններէն մէկն է:

2010ին պիտի սկսին Փարաջանով անունով շարժապատկերին նկարահանումները, ուր բեմադրիչի պարտականութիւնը ստանձնած է ֆրանսահայ դերասան Սերժ Աւետիքեան, որ անձամբ ճանչցած է վարպետը:

«Եթէ Փարաջանով կենդանի ըլլար,  գոհ կըլլար իր թանգարանով»

Թանգարանի տնօրէն Զաւէն Սարգսեան անդրադառնալով ժողովուրդի հետաքրքրութեան եւ թանգարանի գրաւչութեան մասին, ըսած է թէ «պատճառը կարծեմ Փարաջանովի անձն է, երկրորդը՝ անոր արուեստը, որ կը խորհրդանշէ բարութիւն ու սէր եւ այսպիսով հասկնալի կը դառնայ աշխարհի բոլոր մարդոց: Անոր արուեստը շատ կարճ ու դիպուկ բնորոշած է հանրահռչակ բեմադրիչ Եուրի Նոշթյէն. «Փարաջանով նիւթականացուց ոգին» ըսած է ան: Այստեղ է ամբողջ գաղտնիքը, Պատահական չէ, որ մեր անկախ Հայաստանն ալ քսան տարեկան է. այս թանգարանը մեր երկրի ամէնամեծ ձեռքբերումներէն է:
Անցնող քսան տարիներուն ընթացքին թանգարանը ունեցաւ շուրջ վաթսուն ցուցադրութիւններ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Անշուշտ, կը նշէ տնօրէնը, Փարաջանովի ցուցահանդէսները աւելի հասկնալի են նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներուն մէջ, եւ այս մէկը բնական էր, որովհետեւ Փարաջանովի աշխատանքներուն մեծ մասը պայմանաւորուած էին Խորհրդային Միութեան մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններով, այդ պատճառով ալ յաճախ դուրսը ապրող մէկուն համար այդքան ալ հասկնալի չէին դառնար: «Գուցէ եւ այդ է պատճառը, որ մեր լաւագոյն ցուցադրութիւնները եղած են Մոսկուայի, Քիեւի, Սէն Փեթերզպուրկի, Թիֆլիսի, բայց միաժամանակ շատ յաջող անցած են նաեւ Փարիզի, Սերպիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ ցուցահանդէսները:
Յառաջիկային աշնան նոր ցուցահանդէս մը կը կազմակերպուի Գանատայի Մոնքթոն քաղաքին, ապա Պրազիլի Սան Փաուլօ քաղաքին մէջ:

Իւրայատուկ աւանդութիւններ

Փարաջանովի թանգարանէն ներս ձեւաւորուած են շարք մը աւանդութիւններ, որոնք կարծես դարձած են թանգարանի իւրայատուկ այցետոմսը: Այսպէս՝ երբ բարձրաստիճան հիւրերու այցելութիւնը կÿընդունուի, ամէն մարդ տեղ կը գրաւէ Փարաջանովի ընդարձակ սեղանին շուրջ եւ հոն հիւրասիրութիւն տեղի կունենայ, յատուկ ճաշերով, որ կը սիրէր ինքը՝ Փարաջանով, այսպէս հիւրերը ոչ միայն մեծ վարպետի արուեստին կը ծանօթանան, այլ իսկութեան մէջ ի՛ր հիւրերը կը դառնան: Այդպէս ալ կÿըսուի իրենց թանգարանի պատասխանատուներէն՛ «այսօր դուք Փարաջանովի հիւրերն էք»:
Այլ սովորութիւն մըն է, երբ այցելու տիկինները կը լուսանըկարուին ցուցանմուշներուն մէջ ներկայացուած Փարաջանովեան գլխարկներով:

Յիշեցնենք, որ անցեալ Ապրիլին, Փարաջանովի թանգարանով հիացած՝ Աթէնք վերադարձաւ հեղինակաւոր յոյն դերասանուհի Փեմի Զունի, որ հելլէն խորհրդարանի առաքելութեամբ այցելած էր Երեւան:

Թանգարանը իր այցելուներուն կը ներկայանայ
նաեւ ելեկտրոնային տարբերակով՝

www.parajanovmuseum.am